Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկչութեան երեւոյթը ամբողջ արաբական շրջանին համար կը ներկայացնէ վտանգ մը` նշելով, որ Շարմ Շէյխի մէջ տեղի ունեցած վերջին արաբական վեհաժողովին ընթացքին որոշուեցաւ արաբական ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար ստեղծել արաբական միացեալ ուժ մը եւ այդ առնչութեամբ պատրաստուեցաւ արձանագրութիւն մը, որ չէ ստորագրուած եւ տակաւին քննարկումի առարկայ է:
Արապի նաեւ նշեց, որ Իրաքի մէջ թրքական միջամտութիւնը կը հակասէ միջազգային օրէնքներուն եւ ՄԱԿ-ի որոշումներուն` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ կը տիրէ համատարած քաոսային վիճակ մը: