Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամետեարով Կը Դժգոհի. Պելկրատի Մէջ Յատուկ Անդրադարձ Կատարուած Է Ազրպէյճանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Ոտնահարումներուն

December 11, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էլմար Մամետեարով
Էլմար Մամետեարով

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Պելկրատի մէջ ընթացած ԵԱՀԿ-ի 22-րդ նախարարական խորհուրդին զուգահեռ տեղի ունեցած է առանձին քննարկում` նուիրուած ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան, մարդու իրաւունքներու, խօսքի ազատութեան խնդիրներուն:

Քննարկումին մասնակցած են քանի մը տասնեակ երկիրներու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, ապա կազմուած է համապատասխան զեկուցում:

Զեկուցումը, որ կը կազմէ աւելի քան հարիւր էջ, անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման, խօսքի ազատութեան նկատմամբ պետութեան ներկայացուցիչներուն ցուցաբերած խոչընդոտներուն: Զեկուցումի հրապարակման ժամանակ Ազրպէյճան եղած է միակ պետութիւնը, որուն առանձին կերպով անդրադարձած են մասնակիցներն ու շեշտած իրենց մտահոգութիւնը` կապուած այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման, քաղաքացիական հասարակութեան խնդիրներու, խօսքի ազատութեան, լրագրողներու եւ պլոկըրներու ձերբակալութեան առնչութեամբ: Հետաքրքրական է, որ զեկուցումի ներկայացման ընթացքին բացի Ազրպէյճանէն որեւէ այլ երկրի անդրադարձ չէ եղած: Այդ ձեւով ԵԱՀԿ-ը ցուցաբերած է նաեւ իր վերաբերմունքը Ազրպէյճանի եւ այնտեղ տիրող իրավիճակին առնչութեամբ:

Այսպիսի քննարկումները ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին դարձած են աւանդական, եւ այդ ձեւով կազմակերպիչները յոյս ունին նախաձեռնութեան ընթացքին արտայայտուիլ նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան խնդիրներուն եւ գտնել համապատասխան լուծումներ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի նիստին ընթացքին դժգոհած է, որ Ազրպէյճանի մէջ նոյեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակը մերժած էր դէտերու առաքելութիւն կատարել:

Մամետեարով շեշտած է, որ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակի այդպիսի վերաբերմունք կրնայ լուրջ խնդիր յառաջացնել կազմակերպութեան հետ հետագայ համագործակցութեան հարցին մէջ:

«Մենք համոզուած ենք, որ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակի այդպիսի վերաբերմունքը պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի եւ ԵԱՀԿ-ը պէտք է կատարէ լուրջ գործողութիւններ, որպէսզի այդպիսի միջադէպեր այլեւս չկրկնուին», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Որպէսզի Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի Ոգին Միշտ Վառ Մնայ Սրտերուն Մէջ

Յաջորդը

Քանատան Եւ Մեքսիքան Իրաւունք Ստացած Են Միացեալ Նահանգներու Դէմ Պատժամիջոցներ Սահմանելու

RelatedPosts

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»

February 14, 2026
Ուաշինկթըն Այցելութիւնը Աւարտելէ Ետք.  Նեթանիահու. «Թրամփին Իրանցիներուն Ճշդած Պայմանները Կրնան Լաւ Համաձայնութեան Յանգեցնել»
Միջազգային

Ուաշինկթըն Այցելութիւնը Աւարտելէ Ետք. Նեթանիահու. «Թրամփին Իրանցիներուն Ճշդած Պայմանները Կրնան Լաւ Համաձայնութեան Յանգեցնել»

February 14, 2026
Շամխանի. «Մեր Հրթիռային Համակարգը Մեր Կարմիր Գիծերուն Մէջ Է Եւ Բանակցելի Չէ»
Միջազգային

Շամխանի. «Մեր Հրթիռային Համակարգը Մեր Կարմիր Գիծերուն Մէջ Է Եւ Բանակցելի Չէ»

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.