Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաք Կոչ Կ՛ուղղէ Գումարելու Թրքական Միջամտութեան Հարցով Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով Մը

December 14, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իպրահիմ Ժաաֆարի
Իպրահիմ Ժաաֆարի

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի յայտնեց, որ «երկրին գերիշխանութիւնը կարմիր գիծ մըն է, որ չենք արտօներ շրջանցել, իսկ թրքական ուժերուն ներկայութիւնը Իրաքի գերիշխանութեան բռնաբարում մըն է»` նշելով. «Պաաշիքա շրջանին մէջ գտնուող թրքական զինուորական ճամբարը պէտք է փակուի եւ զինեալ ուժերը ատկէ հեռանան»:

Ան նշեց, որ Պաղտատ հարցը լուծելու համար աշխատանքի լծուած է շարք մը առանցքներու վրայ, ներառեալ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան` մեկնելով «մեր ռազմավարական յարաբերութիւններուն նկատմամբ մեր նախանձախնդրութենէն»:

Իրաքեան դիւանագիտութեան պետը պահանջեց «գումարել արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ ժողով մը` լուծելու համար թրքական միջամտութեան հարցը»:

Ժաաֆարի նկատել տուաւ, որ Իրաքի ժողովուրդը, կառավարութիւնը, խորհրդարանը եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւնները կը մերժեն Իրաքի մէջ թրքական ուժերու ներկայութիւնը` աւելցնելով. «Երբ այդ երկրին կ՛արտօնենք միջամտել, ատիկա կը նշանակէ, որ հետագային այլ երկիրներու միջամտութիւնը եւս կ՛արտօնենք»:

Նշենք, որ Իրաք թրքական միջամտութեան դէմ բողոք մը յղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ խնդրեց «պահանջել, որ Թուրքիան անյապաղ հեռացնէ իր զօրքերը», ինչպէս նաեւ «այսուհետեւ չխախտէ Իրաքի գերիշխանութիւնը»: «Ատիկա կը նկատուի ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան սկզբունքներու կոպիտ ոտնահարում, ինչպէս նաեւ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան եւ պետական գերիշխանութեան խախտում», կ՛ըսուի ՄԱԿ-ի մէջ Իրաքի մնայուն ներկայացուցիչ Մոհամետ Ալի Խաքիմի նամակին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր, որ այս ամիս կը կատարէ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պարտականութիւնը, յայտնեց, որ իրաքցի դիւանագէտին հետ հանդիպումին ընթացքին վերջինս չէ խնդրած Ապահովութեան խորհուրդի անմիջական նիստ հրաւիրել` թրքական ներխուժման հարցը քննարկելու համար:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան արձագանգեց Պաղտատի քայլին` զայն նկատելով «անարդար քայլ»: «Անոնք կրնան դիմել ՄԱԿ-ին, անոնք ունին այդ իրաւունքը, սակայն ատիկա անարդար քայլ է», ըսած է Էրտողան:

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Կիներու Մասնակցութեամբ Առաջին Ընտրութիւններուն Ընթացքին. Կին Մը Ընտրուած Է Մեքքայի Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամ

Յաջորդը

Ռուսական Մարտանաւ Մը Կրակ Բացաւ Թրքական Ձկնորսական Նաւու Մը Վրայ

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.