Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու. «Մեր Համբերութիւնը Անսահման Չէ» Փութին Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ուժերուն Դէմ Սադրանքներ Ծրագրող Որեւէ Կողմի Կը Սպառնայ Վճռական Հակազդեցութեամբ

Դեկտեմբեր 12, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վլատիմիր Փութին
Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ իր նախագահութեամբ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ռուսիոյ ծովուժը Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճշգրիտ հարուածներ հասցուցած է` աւելցնելով. «Կը գործակցինք այն երկիրներուն հետ, որոնք ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելուն մէջ շահ ունին»:

Ան յայտնեց, որ ռուսական ծովուժն ու օդուժը մեծ վնասներ պատճառած են Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ենթակառոյցներուն: Ան յայտնեց, որ Ռուսիայէն ահաբեկիչներ կը մասնակցին Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գործողութիւններուն` աւելցնելով, որ իրենց նպատակը Սուրիոյ մէջ նոր զէնքեր փորձելը չէ, այլ «ռուսական հայրենիքի» պաշտպանութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, որ ռուսական թիրախները ճշգրիտ կերպով հարուածելու կարողութիւնը ունեցող զէնքերու կիրարկումը Սուրիոյ պատերազմի դաշտին վրայ արմատական փոփոխութիւն յառաջացուց:

Փութին զգուշացուց որեւէ կողմ, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերուն դէմ սադրանքներ կը ծրագրէ` շեշտելով, որ որեւէ սպառնալիք վճռական հակազդեցութեան պիտի արժանանայ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու իր կարգին յայտնեց. «Աշխարհի եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի կացութիւնը հետզհետէ աւելի լարուած կը դառնայ»: Ըստ անոր, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկիչներուն թիւը կը հասնի 60 հազարի, եւ ՏԱՀԵՇ գրաւած է սուրիական հողերուն 70 առ հարիւրը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Անգարա Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղէ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը մագլցումի չմղելու` աւելցնելով. «Ռուսիան «Սու-24»-ի հետ կապուած միջադէպէն ետք կ՛ուզէ օգտագործել որեւէ կարելիութիւն: Մեր համբերութիւնը, սակայն, անսահման չէ»:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ նշեց. «Սէուտական Արաբիան, Միացեալ Նահանգներն ու կարգ մը արաբներ կ՛ուզեն, որ բանակցինք ահաբեկիչներուն հետ, բան մը, որ ոչ ոք կրնայ ընդունիլ»: Ան ըսաւ, որ Դամասկոս պատրաստ է ընդդիմութեան հետ բանակցելու, սակայն ատիկա կախեալ է ընդդիմութեան բնորոշումէն, որովհետեւ ընդդիմութիւնը զինեալ գործունէութիւն չի նշանակեր:

Քրեմլին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումները ճշդելու շուրջ երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնը կը յամենայ, սակայն կեցուածքները կը մերձենան:

 

Նախորդը

«Իրաքէն Թուրք Զինուորներու Հեռացման Մասին Խօսք Չի Կրնար Ըլլալ» Յայտարարեց Էրտողան

Յաջորդը

Պայտըն Տաւութօղլուի Հետ Կը Քննարկէ Տահեշ-Ի Դէմ Պայքարին Եւ Իրաք-Թուրքիա Լարուածութեան Առնչուող Հարցեր

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?