Բրիտանացի Խորհրդարանականներ Կը Պահանջեն ՏԱՀԵՇ-ի Յանցագործութիւնները Ճանչնալ Իբրեւ Ցեղասպանութիւն
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ բրիտանական խորհրդարանի 60-է աւելի անդամներ նամակ մը յղած են Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնին` խնդրելով ճնշում գործադրել ՄԱԿ-ի վրայ, որպէսզի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ քրիստոնեաներու եւ կրօնական միւս փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու սպանութիւններն ու կտտանքները ճանչցուին իբրեւ ցեղասպանութիւն: Քամերոնին ուղարկուած նամակը ստորագրած են Բրիտանիոյ խորհրդարանի ստորին պալատի 66 անդամներ, որոնց շարքին են երեք եպիսկոպոսներ, գիտնականներ, իրաւաբաններ...




















