
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Աշթըն Քարթըր երէկ դէպի Ինճիրլիք իր ճամբորդութեան ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ թրքական ղեկավարութեան հետ պիտի քննարկէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին Անգարայի մասնակցութիւնը ընդլայնելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ Թուրքիոյ վերահսկողութիւնը ամրապնդելու հարցերը:
Ան յայտարարեց, որ «Ուաշինկթըն կ՛ուզէ, որ Թուրքիան ամրապնդէ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վերահսկողութիւնը»` աւելցնելով, որ այդ մէկը պիտի նպաստէ օտար զինեալներու հոսքը արգելակելու աշխատանքին:
Քարթըր փափաք յայտնեց, որ թրքական ուժերը պատշաճ կերպով մասնակցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ցամաքային եւ օդային գործողութիւններուն: «Թուրքիան հսկայական դեր ունի կատարելիք: Կը գնահատենք անոնց կատարածը: Կ՛ուզենք, որ աւելին ընեն», ըսաւ ան: