
Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ իրենք համաձայն են, որ Եւրոպական Միութիւնը կը կարօտի խոր բարեփոխումներու` պաշտպանելու համար Եւրոյի գօտիին մաս չկազմող իր անդամները եւ դիմակայելու համար գաղթականներու ճգնաժամը:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաոլօ Ճենթիլոնի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իրենց յօդուածին մէջ նշեցին, որ երկու երկիրներուն միջեւ հասարակաց լայն ենթահող գոյութիւն ունի:
Անոնք նշեցին. «Իտալիա եւ Բրիտանիա համաձայնեցան, որ Եւրոպական Միութիւնը կարիքը ունի խոր բարեփոխումներու, ինչպէս նաեւ անոր աշխատանքի ոճին, միջոցառումներուն եւ կանոններուն պարզեցման»:
«Կրնանք միասնաբար գործել Եւրոպական Միութեան բարեփոխման թղթածրարին վրայ, որ կը վերաբերի շարք մը հարցերու, ինչպէս` ազգային խորհրդարաններու դերակատարութեան, մրցունակութեան, տնտեսավարման եւ բարօրութեան` Եւրոպական Միութիւնը վերածելու համար աւելի պարզ, աւելի ազդու եւ նուազ դիւանակալական տարածքի», գրեցին անոնք:


