
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 21-22 դեկտեմբերին` Թիֆլիսի մէջ:
Մեւլութ Չաւուշօղլու, Կէորկի Քվիրիքաշվիլի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկեն օրակարգային հարցեր, մասնաւորաբար երեք երկիրներուն միջեւ ռազմավարական եւ տնտեսական համագործակցութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի նախագիծին ներկայ կացութիւնը:


