
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով Եւրասիական տնտեսական միութեան մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի առեւտուրի նախարար Անտրէյ Սլեփնիով յայտնած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրները Իրանի հետ կը սկսին աշխատիլ ազատ առեւտուրի գօտիին շուրջ:
Կողմերը կը կատարեն ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրի կնքման հեռանկարներու միացեալ հետազօտութիւն: Հետազօտական խումբը պէտք է որոշէ համաձայնագիրէն տնտեսական օգուտներու մեծացման կարելիութիւնները, որոշակի առաջարկներ ներկայացնէ կողմերու պարտաւորութիւններու հնարաւոր ձեւաչափի եւ շրջանակներու վերաբերեալ:
«Իրան մեզի համար ռազմավարական գործընկեր է: Միջազգային պատժամիջոցներու ակնկալուող ջնջումը նախադրեալներ պիտի ստեղծէ Իրանի մէջ շրջանային տնտեսական աճի նոր կէտի ձեւաւորման համար, իսկ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ Իսլամական հանրապետութեան վերահամարկումը պիտի ընդլայնէ համագործակցութիւնը «Մեծն Եւրասիա»-ի ծիրին մէջ», ըսած է Սլեփնիով:
2015-ի յունուար-հոկտեմբեր Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներէն Իրան ապրանքներու արտածումը գերազանցած է 1,4 միլիառ տոլարը, իսկ ներածումը` 445 միլիոն տոլարը:


