Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու Կը Դատապարտէ Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդուժին Կատարած Յարձակումները

Դեկտեմբեր 22, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեւլութ Չաւուշօղլու
Մեւլութ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու դատապարտեց ռուսական օդուժին կողմէ Իտլիպ քաղաքին ռմբակոծումը, ուր, ըստ Չաւուշօղլուի, արձանագրուած են շուրջ 200 քաղաքային զոհեր: «Երէկ տեղի ունեցած յարձակումին բոլոր զոհերն ալ քաղաքայիններ էին, եւ պարզապէս նշելու համար ըսենք, որ անցեալ շաբաթ Ղութա Շարքիայի մէջ ժողովրդային շուկայի մը դէմ յարձակումը  պատճառեց 65 զոհեր եւ 120 վիրաւորներ, բոլորն ալ` քաղաքայիններ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այս կացութիւնը մարդկութեան համար ամօթ է»:

«30 սեպտեմբեր 2015-ին իր զինուորական միջամտութենէն ի վեր Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժի յարձակումներուն մեծամասնութիւնը թիրախ կը դարձնեն չափաւորական ընդդիմութիւնը, եւ բնակելի շրջանները եւս այս յարձակումներուն թիրախ դարձան», ըսաւ Չաւուշօղլու` աւելցնելով. «Ռուսիա Սուրիոյ մէջ միջամտեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծածկոյթին տակ եւ այդ ընթացքին կատարեց աւելի քան չորս հազար օդային հարուածներ, որոնց 91 առ հարիւրը թիրախ դարձուց չափաւորական ընդդիմութիւնը, ինչ որ ամրապնդեց ՏԱՀԵՇ-ի ուժը»:

«Ռուսիա կ՛երազէ Սուրիան վերստին յանձնել վարչակարգին, ուստի կը սպաննէ ընդդիմութիւնն ու սուրիացի քաղաքայինները, եւ ըստ կարգ մը հաստատութեանց տուեալներուն, մինչեւ հիմա ռուսական օդային հարուածներուն զոհ գացած քաղաքայիններուն թիւը հասած է 600-ի, իսկ ըստ այլ տուեալներու, այդ թիւը 800 է, որոնց շարքին` 150 մանուկ», յայտնեց Չաւուշօղլու` դատապարտելով միջազգային հասարակական կարծիքին կողմէ այս իրողութեան անտեսումը:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը Ռուսիոյ կոչ ուղղեց քաղաքայիններն ու չափաւորական ընդդիմութիւնը ռմբակոծելէ դադրելու` զգուշացնելով, որ այդ մէկը պիտի երկարաձգէ սուրիական տագնապը եւ ահաբեկչութիւնը վերջ պիտի չգտնէ` աւելցնելով, որ Թուրքիա պիտի չլքէ սուրիացի ժողովուրդը եւ անոր կողքին պիտի կանգնի:

Ըստ Թուրք Նախարարի Մը
Ռուսիա-Թուրքիա Տագնապը Կրնայ Լուծուիլ
Յառաջիկայ Մարտին

Թուրքիոյ առեւտուրի եւ մաքսատուներու հարցերու նախարար Պիւլենթ Թիւֆեքճի յայտնեց. «Մոսկուայի հետ ռուսական «Սու-24» ռմբաձիգի վար առնուելուն պատճառով յառաջացած տագնապը կրնայ լուծուիլ յառաջիկայ տարուան մարտին»:

«Մենք մեր ամբողջ ջանքը կը թափենք, որպէսզի ռուս եւ թուրք ժողովուրդները վնասներ չկրեն: Մենք կը նախատեսենք, որ տագնապը երկար չտեւէ, փետրուար եւ մարտ ամիսներուն ընթացքին լարուածութիւնը պիտի նուազի կամ տկարանայ», ըսաւ ան:

Ըստ թուրք նախարարին, կացութիւնը քիչ առ քիչ կը բարելաւուի` նշելով. «Վերջին օրերուն ռուսական մաքսատան կողմէ վերադարձուած ապրանքներուն ծաւալը նուազած է»: «Ռուսիան այսօր մէկ օդանաւ եւ 27 նաւ ետ ուղարկեց», ըսաւ Թիւֆեքճի:

 

Նախորդը

«Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Չվերականգնին, Եթէ Ներում Չհայցէ Եւ Կազայի Շրջափակումը Չվերցնէ» Ըսաւ Չելիք

Յաջորդը

Այն Թինէ. Երկխօսութեան Նիստը Քննարկեց Նախարարաց Խորհուրդին Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?