«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ապօրինի գաղթականներ Եւրոպա տանող նաւ մը ընկղմած է Լիպիոյ ափերուն մօտ: Լրատուամիջոցները` յղում կատարելով Լիպիոյ եզերապահ ուժերուն, կը հաղորդեն, որ մահացած է 2 անձ, 108 ուրիշներ փրկուած են, իսկ 10 անձեր կը նկատուին անհետ կորած:
Եզերապահ ուժերու աշխատակիցներու վկայութեամբ, նաւակը գրեթէ ամբողջութեամբ անցած է ջուրին տակ: Նաւակին մէջ գտնուող մարդիկն ալ եղած են առանց փրկարարական բաճկոններու: