
Հարաւային Ռուսիոյ Քապարտինօ Պալքար հանրապետութեան ապահովական մարմինները սպաննեցին երեք զինեալներ, որոնց շարքին ղեկավար մը, որ մարզուած է Սուրիոյ մէջ եւ այդտեղ կռիւներու մասնակցած:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային յանձնախումբը յայտնեց, որ ապահովական մարմինները Քապարտինօ Պալքարի կեդրոնը գտնուող Լիչինքա գիւղին մօտ փորձած են կանգնեցնել «Վազ» տիպի կասկածելի ինքնաշարժ մը, զայն խուզարկելու համար, սակայն ինքնաշարժին մէջ գտնուող անձերը կրակ բացած են ապահովական ուժերուն անդամներուն վրայ, որոնք ալ հակադարձած են:


