Միջազգային

Ուաշինկթըն-Պաքու  Գաղտնի Բանակցութիւններ

Ուաշինկթըն-Պաքու Գաղտնի Բանակցութիւններ

«Արմէնփրես» կը նշէ, որ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները քանի մը շաբաթէ ի վեր Ուաշինկթընի մէջ կ՛ունենան գաղտնի հանդիպումներ, որոնց ընթացքին կը քննարկեն երկկողմանի լարուած յարաբերութիւնները կարգաւորելու երկու երկիրներու ցանկութիւնները: Կողմերը կ՛ուզեն քննարկուող հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել մինչեւ ապրիլ` Նիւ Եորքի մէջ հիւլէական հարցով վեհաժողովը, որուն կը նախատեսուի, որ մասնակցի Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:...

Սէուտցի 30 Զինուորներ Հասան Ինճիրլիք,  Այսօր Անոնց Պիտի Հետեւին Սէուտական 4 «Էֆ-16»-եր  Միջսուրիական Բանակցութեանց Վերսկսման  Թուականը Պիտի Յայտարարուի Այսօր

Սէուտցի 30 Զինուորներ Հասան Ինճիրլիք, Այսօր Անոնց Պիտի Հետեւին Սէուտական 4 «Էֆ-16»-եր Միջսուրիական Բանակցութեանց Վերսկսման Թուականը Պիտի Յայտարարուի Այսօր

Տը Միսթուրա Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ բանագնաց Սթեֆան տը Միսթուրա Ժընեւի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ այսօր պիտի յայտարարէ Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութեանց նոր հանգրուանի սկսման թուականը` աւելցնելով, որ այսօր նաեւ Ժընեւի մէջ պիտի գումարուի Սուրիոյ մէջ զինադուլի հարցով խումբը: Նախապէս սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւր մը, որ մասնակցած է բանակցութիւններու նախորդ հանգրուանին, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ Ժընեւի մէջ...

Այսօր Խորհրդարանական  Ընտրութիւններ` Իրանի Մէջ

Այսօր Խորհրդարանական Ընտրութիւններ` Իրանի Մէջ

Այսօր Իրանի մէջ տեղի կ՛ունենան խորհրդարանի եւ Փորձագէտներու խորհուրդի ընտրութիւններ: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իրանի ներքին գործոց նախարար Ապտոլ Ռեզա Ռահմանի Ֆազլի վստահութիւն յայտնած է, որ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը պիտի ըլլայ առնուազն 70 առ հարիւր: ԻՐԻՆՆ պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան յայտնած է. «Կատարուած հարցախոյզերուն համաձայն, կը սպասուի, որ ընտրութիւններուն մասնակցի ընտրողներուն առնուազն 70 առ հարիւրը»: Ան յիշեցուցած է,...

Մոսկուա Եւ Դամասկոս  Սուրիոյ Մէջ Զինադուլը  Մերժող Զինեալ Խմբաւորումները  Պիտի Նկատեն Ահաբեկչական

Մոսկուա Եւ Դամասկոս Սուրիոյ Մէջ Զինադուլը Մերժող Զինեալ Խմբաւորումները Պիտի Նկատեն Ահաբեկչական

Մարիա Զախարովա Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Այն զինեալ խմբաւորումները, որոնք կը մերժեն զինադուլին յանձնառու դառնալ, պիտի նկատենք ահաբեկչական»: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը իր կարգին «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Այն զինեալ խմբաւորումները, որոնք մերժած են մարտական գործողութիւններու դադրեցման որոշումը, ահաբեկչական պիտի նկատուին»: 23 փետրուարին կարգ մը արաբական լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ...

Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան  Նախնական Ընտրութիւններ.  Թրամփ Յաղթանակ  Արձանագրած Է Նեւատայի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Նախնական Ընտրութիւններ. Թրամփ Յաղթանակ Արձանագրած Է Նեւատայի Մէջ

Տոնալտ Թրամփ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով ամերիկեան լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ միլիառատէր Տոնալտ Թրամփ Նեւատա նահանգին մէջ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու առաջադրուելու ներկուսակցական ընտրութիւններուն ընթացքին համոզիչ յաղթանակ արձանագրած է` ապահովելով քուէներուն 42 առ հարիւրը: Ըստ կարգ մը տուեալներու, Թրամփ առաւել մեծ թիւով ձայներ հաւաքած է նոյնիսկ Լատին Ամերիկայէն սերածներու շրջանակին մէջ, հակառակ անոր որ բազմիցս յայտարարած է Մեքսիքայի հետ սահմանին պարիսպ կառուցելու...

Անգարան Լաւատես Չէ.  Էրտողան. «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Մեր Պատմական Ու Ապագայ Գործընկեր Սուրիոյ Մէջ Ողբերգութեան Նկատմամբ»

Անգարան Լաւատես Չէ. Էրտողան. «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Մեր Պատմական Ու Ապագայ Գործընկեր Սուրիոյ Մէջ Ողբերգութեան Նկատմամբ»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նոման Քուրթուլմուշ յայտարարեց. «Անգարա կ՛ողջունէ Սուրիոյ մէջ զինադուլի ծրագիրը, սակայն քաղաքական փոխանցման շուրջ բանակցութիւններու դրական արդիւնքի մը յանգելուն նկատմամբ լաւատես չէ»: Ան աւելցուց. «Անգարա վերապահութիւններ ունի սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան եւ քաղաքայիններուն դէմ ռուսական ուժերու հաւանական քայլերուն վերաբերեալ» Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մէկ օր առաջ բացառած էր Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութեան մը շղթայազերծումը` նշելով,...

Ուաշինկթըն Դարձեալ Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերու Ռմբակոծումը

Ուաշինկթըն Դարձեալ Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերու Ռմբակոծումը

Մարք Թոնըր «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր Թուրքիոյ դարձեալ կոչ ուղղած է Սուրիոյ քիւրտերու դիրքերուն ռմբակոծումները դադրեցնելու: Թոնըր ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է. «Մենք յստակ կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ դադրեցնելու Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ ռմբակոծումները»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք 27 փետրուարին զինադադար սկսելու որոշումով կը պահանջուի՞ նաեւ դադրեցնել Սուրիոյ մէջ...

Տաւութօղլու Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Լարուածութեան Համար Կը Մեղադրէ Ռուսիան

Տաւութօղլու Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Լարուածութեան Համար Կը Մեղադրէ Ռուսիան

Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու «Ժազիրա»-ի թրքական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը գտնուի Ռուսիոյ ձեռքը: Անդրադառնալով թրքական կործանիչներու կողմէ ռուսական ռմբաձիգի վար առնուելուն` Թուրքիոյ վարչապետը ըսած է.«Մենք չենք զղջար մեր սահմանը պաշտպանելու համար: Վստահաբար, այդ օդանաւը վար առնելէ առաջ չէինք գիտեր, որ անիկա ռուսական է: Հաւանաբար անիկա պատկանէր նաեւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն»: Տաւութօղլու...

Անգարա. «Զինադուլի Հաստատման  Գլխաւոր Արգելքը Ռուսիան Է».  Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն`  27 Փետրուարին Սուրիոյ Մէջ Զինադուլը Սկսելու

Անգարա. «Զինադուլի Հաստատման Գլխաւոր Արգելքը Ռուսիան Է». Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն` 27 Փետրուարին Սուրիոյ Մէջ Զինադուլը Սկսելու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիմատետրեան էջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 21 փետրուարի երեկոյեան դարձեալ քննարկած են Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատումը` կատարելով երկու յաւելեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ: «21 փետրուարի երեկոյեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի միջեւ տեղի ունեցած են երկու...

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Քրտական  Անկախ Պետութեան  Հաստատման Չենք Ձգտիր»  Ըսաւ Մուսլիմ

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Քրտական Անկախ Պետութեան Հաստատման Չենք Ձգտիր» Ըսաւ Մուսլիմ

Սալեհ Մուսլիմ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ յայտնեց, որ իր գլխաւոր նպատակը սուրիական հողամասերէն «ահաբեկչական խմբաւորումներուն» վտարումն է, իսկ քիւրտերը երկրին հիւսիսը անկախ պետութեան մը հաստատման չեն ձգտիր: «Սուրիոյ քիւրտերը կը ձգտին Սուրիոյ մէջ իրենց սահմանադրական իրաւունքներուն ապահովման: Անոնք թրքական սահմանին մօտ անկախ պետութիւն մը չեն ուզեր», յայտարարեց Մուսլիմ: Քրտական կուսակցութեան ղեկավարը ըսաւ, որ Անգարան «քիւրտոֆոպիա»-է կը...

«Թուրքիոյ Սահմաններու  Պաշտպանութիւնը  Եւրոպական Միութեան  Կարեւորագոյն Խնդիրներէն Է»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Ներքին  Գործոց Նախարարը

«Թուրքիոյ Սահմաններու Պաշտպանութիւնը Եւրոպական Միութեան Կարեւորագոյն Խնդիրներէն Է» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը

Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմաս տը Մեզիեր «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Թուրքիոյ արտաքին սահմաններու պաշտպանութիւնը Եւրոպական Միութեան համար գաղթականներու ճգնաժամը լուծելու կարեւորագոյն նախապայմաններէն է: «Բոլոր երկիրները համակարծիք են, որ Թուրքիոյ սահմաններու պաշտպանութիւնը առաջնահերթ բնոյթի խնդիր է Եւրոպական Միութեան համար», ըսած է նախարարը` աւելցնելով, որ թրքական սահմաններու պաշտպանութեան հարցին մէջ ներգրաւուած են Եւրոպական Միութեան «Ֆրոնթեքս»...

Ալիեւ Այսօր Կ՛այցելէ Իրան

Ալիեւ Այսօր Կ՛այցելէ Իրան

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով իրանեան լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Իրանի կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարար Մահմուտ Վայեզի յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր պիտի այցելէ Իրան: «Ազրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւ մեծ պատուիրակութեամբ մը 23 փետրուարին պիտի այցելէ Իրան», ըսած է իրանցի նախարարը: Ըստ անոր, Ալիեւի այցելութեան ընթացքին կ՛ենթադրուի Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շարք մը մարզերու մէջ 10-է աւելի փաստաթուղթեր ստորագրել,...

Պուլկարիոյ Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսութեան  Կցորդը Յայտարարուած Է Անցանկալի Անձ

Պուլկարիոյ Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսութեան Կցորդը Յայտարարուած Է Անցանկալի Անձ

Ուղուր Էմիրօղլու «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ֆոքուս»-ին յայտնած է, թէ Պուլկարիան Պուրկասի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան կցորդ Ուղուր Էմիրօղլուն յայտարարած է անցանկալի անձ: «Թուրք դիւանագէտ Ուղուր Էմիրօղլու հաւատարմագրուած է իբրեւ ընկերային հարցերով կցորդ, սակայն որ ժամանակին մեծ մասը զբաղուած է կրօնական գործունէութեամբ», կ՛ըսուի տեղեկատուութեան մէջ: «Բացի ատկէ, թուրք դիւանագէտը ճնշում գործադրած է թրքական համայնքի քաղաքական կուսակցութեան վրայ,...

30 Տարուան Մէջ  Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Բրիտանիոյ Մէջ Նոր  Օրաթերթ Պիտի Հրատարակուի

30 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Բրիտանիոյ Մէջ Նոր Օրաթերթ Պիտի Հրատարակուի

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը հաղորդեց, որ 29 փետրուարէն սկսեալ Բրիտանիոյ մէջ 30 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հրատարակուի նոր օրաթերթ մը` «Տը Նիւ Տէյ»-ը (Նոր օրը): 40 էջերէ բաղկացած օրաթերթին առաջին թիւը ձրիաբար պիտի բաժնուի, ապա 2 շաբթուան համար պիտի արժէ 25 փենս, իսկ հետագային` 50 փենս: Օրաթերթը պիտի անդրադառնայ կիները եւ այր մարդիկը հետաքրքրող նիւթերու, որոնք «ընդհանրապէս լոյս...

Հոմսի Եւ Սայիտա Զէյնապի Մէջ Ականահարումներու  Շարքը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Հոմսի Եւ Սայիտա Զէյնապի Մէջ Ականահարումներու Շարքը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Հոմսի եւ Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Սայիտա Զէյնապ շրջանին մէջ պայթումներու շարքի մը պատճառով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր: Հոմսի մէջ երկու ականուած ինքնաշարժներու պայթումները պատճառեցին շուրջ 57 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Երկու ականուած ինքնաշարժներ պայթեցան Զահրա թաղամասի Սթին փողոցին մէջ` ուսանողներ համալսարան փոխադրող փոխադրակառքերու կառատան մը մէջ: Շուրջ մէկ ամիս առաջ նոյն կառատան մէջ դարձեալ ականահարում մը տեղի ունեցած էր:...

2-րդ Օրն Ըլլալով Լաւրով-Քերրի  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն.  «Յառաջիկայ Ժամերուն Սուրիոյ Մէջ Զինադուլի  Հաստատման Յայտարարութիւնը Արդէն Կարելի Է»  Կ՛ըսէ Քերրի

2-րդ Օրն Ըլլալով Լաւրով-Քերրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. «Յառաջիկայ Ժամերուն Սուրիոյ Մէջ Զինադուլի Հաստատման Յայտարարութիւնը Արդէն Կարելի Է» Կ՛ըսէ Քերրի

Քերրի եւ Լաւրով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շարունակած են քննարկել Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու, բացառութեամբ ահաբեկիչներու դէմ գործողութիւններու դադրեցման մօտեցումներու եւ պայմաններու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու աշխատանքը: Նախարարութիւնը նշած է. «Արտաքին...

Փեսքով Տեղին Չի Նկատեր Ռուսիոյ  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաւանական  Պատերազմի Մասին Հարցը

Փեսքով Տեղին Չի Նկատեր Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաւանական Պատերազմի Մասին Հարցը

Տմիթրի Փեսքով «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ հարուածներ հասցնելու պատճառով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հաւանական պատերազմի մը մասին հարցը տեղին չէ: «Հարցի այդպիսի ձեւակերպումը քիչ մը տեղին չէ, որովհետեւ Սուրիոյ զինեալ ուժերը, որոնք քիւրտերուն նման կը գտնուին այդ շրջանին մէջ, կրակի տակ են», ըսած է Փեսքով: Նախապէս Ֆրանսայի...

Մահացած Է Աշխարհահռչակ  Գրող Ումպերթօ Էքօ

Մահացած Է Աշխարհահռչակ Գրող Ումպերթօ Էքօ

84 տարեկանին, Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ մահացած է իտալացի աշխարհահռչակ գրող, բանասէր, գրականագէտ եւ փիլիսոփայ, միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր Ումպերթօ Էքոն: Ան հեղինակած է «Վարդի անունը», «Ֆուքոյի ճոճանիւը», «Կղզին նախօրէին» վէպերը: Նաեւ բանասիրութեան, գեղագիտութեան, արուեստի եւ  փիլիսոփայութեան պատմութեան նիւթերով բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ է:

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Անդամը  Ընդունած Է Քրիստոնէութիւնը

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Անդամը Ընդունած Է Քրիստոնէութիւնը

Սելին Սայեք Պէօքէ «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի մեծագոյն ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Սելին Սայեք Պէօքէ ընդունած է քրիստոնէութիւնը: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Պուկիւն» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ան քրիստոնեա՞յ է, Իզմիրէն ընտրուած ազգութեամբ յոյն երեսփոխանը ըսած է, որ իսկապէս ինք ուղղափառութիւն ընդունած է եւ մկրտուած Ալեքսանտրէթի շրջանի Անտիոքի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ: Սելին ծնունդով Թուրքիոյ...

«Փարիզի Մէջ Ահաբեկչութեան Կազմակերպիչը  Եւրոպա Եկած Էր 90 Զինեալներու Խումբով»  Կը Գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»

«Փարիզի Մէջ Ահաբեկչութեան Կազմակերպիչը Եւրոպա Եկած Էր 90 Զինեալներու Խումբով» Կը Գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` յղում կատարելով Փարիզի մէջ ահաբեկչական գործողութեան հարցով կարեւոր վկայի մը ցուցմունքներուն, հաղորդած է, որ Փարիզի մէջ գործողութիւններու ենթադրեալ կազմակերպիչ, պելճիքացի Ապտել Համիտ Ապաուտ, որ աւելի ուշ սպաննուած էր Ֆրանսայի մայրաքաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ իրականացուած յատուկ գործողութեան ընթացքին, Եւրոպա եկած էր խումբ մը տեղահանուածներու կազմին մէջ, որուն մէջ եղած են ահաբեկչական ցանցի 90 այլ անդամներ: Սոնիա կեղծանունով...

Page 800 of 882 1 … 799 800 801 … 882

Արխիւներ