Թրամփ Յաղթանակ Արձանագրեց Սաութ Քարոլայնայի Մէջ, Իսկ Քլինթըն` Նեւատայի Մէջ
Քլինթըն եւ Թրամփ Սաութ Քարոլայնայի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուի ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրեց միլիառատէր Տոնալտ Թրամփ` յառաջ անցնելով իր հանրապետական մրցակիցներէն: Միւս կողմէ, Նեւատայի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուի ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրեց Հիլըրի Քլինթըն, որ յառաջ անցաւ իր անմիջական մրցակից Պըռնի Սենտըրզէն:




















