
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի մեծագոյն ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Սելին Սայեք Պէօքէ ընդունած է քրիստոնէութիւնը:
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Պուկիւն» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ան քրիստոնեա՞յ է, Իզմիրէն ընտրուած ազգութեամբ յոյն երեսփոխանը ըսած է, որ իսկապէս ինք ուղղափառութիւն ընդունած է եւ մկրտուած Ալեքսանտրէթի շրջանի Անտիոքի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ: Սելին ծնունդով Թուրքիոյ Ալեքսանտրէթ նահանգէն է:
«ԱկիոնՕրոս» կայքը կը գրէ, որ հակառակ սեփական կուսակցութեան կողմէ ստացած բազմաթիւ քննադատական դիտողութիւններուն եւ բացասական արձագանգին, Սելին ոչ միայն ուղղափառութիւն ընդունած է, այլ նաեւ սկսած է իր հաւատքը դաւանիլ հրապարակաւ:
Կայքին համաձայն, թուրքերը իրենք կը խոստովանին, որ Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր ծպտեալ քրիստոնեաներ կը բնակին:
«Այդ նիւթը շօշափուած է անցեալին եւս, ինչ որ կը վկայէ այն բանի մասին, որ հարցը երբեք ալ փակուած չէ: Ատիկա ուղղակիօրէն կապուած է վերջին տարիներուն բռնկած թրքական ինքնութեան ճգնաժամին հետ` յարուցելով բազմաթիւ կողմնակի ազդեցութիւններ եւ հարցականի տակ դնելով ժամանակակից Թուրքիոյ ապագան», կը նշէ կայքը:
Կայքը կը յայտնէ, որ թրքական «Աքսիոն» թերթը անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական բնակչութեան դրութեան` նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ 35 հազար ծպտեալ քրիստոնէական եկեղեցիներ կան:
Կայքը գրած է նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական դպրոցները կը կրճատուին, որովհետեւ գոյութիւն ունեցող օրէնքները կը սահմանափակեն աշակերտներու ընդունելութիւնը: