Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2-րդ Օրն Ըլլալով Լաւրով-Քերրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. «Յառաջիկայ Ժամերուն Սուրիոյ Մէջ Զինադուլի Հաստատման Յայտարարութիւնը Արդէն Կարելի Է» Կ՛ըսէ Քերրի

Փետրուար 22, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քերրի եւ Լաւրով
Քերրի եւ Լաւրով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շարունակած են քննարկել Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու, բացառութեամբ ահաբեկիչներու դէմ գործողութիւններու դադրեցման մօտեցումներու եւ պայմաններու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու աշխատանքը:

Նախարարութիւնը նշած է. «Արտաքին գործոց նախարարները` իբրեւ Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խումբի համանախագահներ եւ այդ խումբի 12 փետրուար 2016-ի որոշումներուն համապատասխան, շարունակած են Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մօտեցումներու եւ սկզբունքներու համաձայնեցումը` բացառութեամբ գործողութիւններուն այն կազմակերպութիւններուն դէմ, որոնք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ճանչցուած են իբրեւ ահաբեկչական»:

Երէկ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը վերջին երկու օրուան ընթացքին իր տեսակին մէջ երկրորդն էր: Շաբաթ, 20 փետրուարին, Լաւրով եւ Քերրի քննարկած են մարդասիրական օգնութեան խնդիրի դիւրացումը եւ զինադուլի հաստատման մօտեցումը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր յայտնած էր. «Հաստատուած է, որ նշեալ խնդիրներու իրագործման գործիքակազմերու մշակումը կը պահանջէ զինուորական համակարգման հաստատում»:

20 փետրուարին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած էր, որ Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի ծիրին մէջ գործող բռնարարքներու դադրեցման գծով նպատակային խումբի այդ օր Ժընեւի մէջ նախատեսուած հանդիպումը յետաձգուած է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, թէ իր երկիրը մտահոգ է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական աղէտին գծով, տեղահանուածներու ճգնաժամի պատասխանատուն սուրիական վարչակազմն է, իսկ սուրիացիներուն դէմ հաստատուած պաշարումը համազօր է պատերազմական ոճիրի:

«Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին կատարած ռմբակոծումի պայմաններուն տակ կարելի չէ սուրիացիներուն  մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել», ըսաւ ան:

«Որեւէ կողմ չի կրնար սուրիական պատերազմին մէջ յաղթանակ արձանագրել», ըսաւ Քերրի` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ պատերազմը պիտի հզօրացնէ ՏԱՀԵՇ-ը եւ աւելցնէ տեղահանուածներուն թիւը»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց. «Յառաջիկայ ժամերուն Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման յայտարարութիւնը արդէն կարելի է»: «Զինադուլի հաստատումը բոլոր կողմերէն պարտաւորութիւններու գիտակցութիւն կը պահանջէ», ըսաւ Քերրի` նշելով, որ Ռուսիոյ հետ գոյացած է «նախնական համաձայնութիւն» մը եւ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի քննարկեն Սուրիոյ շուրջ համաձայնութեան ամբողջացումը»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին սէուտցի իր պաշտօնակից Ատել Ժուպէյրի եւ Քերրիի հետ քննարկեց Սուրիոյ տագնապին վերաբերող վերջին զարգացումները:

 

Նախորդը

Փեսքով Տեղին Չի Նկատեր Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաւանական Պատերազմի Մասին Հարցը

Յաջորդը

Հոմսի Եւ Սայիտա Զէյնապի Մէջ Ականահարումներու Շարքը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?