Միջազգային

Թուրքիոյ Մէջ Շարք Մը  Լրատուամիջոցներ Փակուած Են

Թուրքիոյ Մէջ Շարք Մը Լրատուամիջոցներ Փակուած Են

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ դատարանի որոշումով փակուած են «Քանալթիւրք» եւ «Պուկիւն Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանները, «Միլլեթ կազեթեսի» օրաթերթն ու «Քանալթիւրք Ռատիօ» ձայնասփիւռի կայանը: Կը նշուի, որ լրատուամիջոցները փակուած են «Քոզա Իփեք» ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակին եւ անոր 23 ընկերութիւններուն դէմ բացուած քրէական գործին ծիրին մէջ: Անոնք, թրքական իշխանութիւններուն պնդումով` կը մեղադրուին Ֆեթհուլլա Կիւլենի շարժումի ֆինանսաւորման մէջ: Անցեալ տարի...

Ժան-Մարի Լը Փեն Միացեալ Նահանգներու  Նախագահական Ընտրութիւններուն  Կը Զօրակցի Թրամփի Թեկնածութեան

Ժան-Մարի Լը Փեն Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւններուն Կը Զօրակցի Թրամփի Թեկնածութեան

Տոնալտ Թրամփ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Ազգային ճակատ կուսակցութեան հիմնադիր Ժան-Մարի Լը Փեն «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով զօրակցութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութեան անդամ թեկնածուներէն միլիառատէր Տոնալտ Թրամփին: «Եթէ ես ամերիկացի ըլլայի, պիտի քուէարկէի Տոնալտ Թրամփին: Բայց... Աստուած պահպանէ զինք», գրած է Լը Փեն` խուսափելով այլ մեկնաբանութիւններէ: Ներկայ պահուս Թրամփ, որ կը...

Ռուսական Օդանաւի Ջախջախումէն Ետք.  Եգիպտոսի Զբօսաշրջութեան Մարզը Շուրջ  1,3 Միլիառ Տոլարի Վնաս Կրած Է

Ռուսական Օդանաւի Ջախջախումէն Ետք. Եգիպտոսի Զբօսաշրջութեան Մարզը Շուրջ 1,3 Միլիառ Տոլարի Վնաս Կրած Է

«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի վարչապետ Շարիֆ Իսմայիլ յայտնած է, որ Սինայի մէջ ռուսական օդանաւի ջախջախումէն ետք, Եգիպտոս զբօսաշրջութեան եկամուտներէն 1,3 միլիառ տոլար կորսնցուցած է: «Օդանաւի ջախջախումէն ետք, վերջին 3 կամ 4 ամիսներուն ընթացքին, մենք կորսնցուցած ենք շուրջ 1,2 կամ 1,3 միլիառ տոլար եկամուտ», յայտարարած է Եգիպտոսի վարչապետը: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիայէն Եգիպտոս թռիչքներու դադրեցման մասին հրամանագիրը ստորագրած էր...

Սուրիոյ Խաղաղութեան  Բանակցութիւնները` 9 Մարտին.  «Թուրքիայէն Մարդասիրական Օժանդակութեան  Բեռնատարերու Շարասիւնով Զէնք  Կը Տանին Սուրիոյ Զինեալներուն»  Կ՛ըսէ Լաւրով

Սուրիոյ Խաղաղութեան Բանակցութիւնները` 9 Մարտին. «Թուրքիայէն Մարդասիրական Օժանդակութեան Բեռնատարերու Շարասիւնով Զէնք Կը Տանին Սուրիոյ Զինեալներուն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիայէն մարդասիրական օգնութեան բեռնատարներու շարասիւնով զէնք կը տարուի Սուրիոյ զինեալներուն: «Առանձնայատուկ խնդիր է` կասեցնել ահաբեկիչներու մատակարարումը դուրսէն, որուն համար անհրաժեշտ է փակել Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանը, որուն ճամբով զէնք կը մատակարարուի յելուզակներուն, ներառեալ` մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարերու շարասիւնով», ընդգծեց ան: Լաւրով...

Թուրքիայէն Լիբանան Ուղղուող Զէնք-Զինամթերքով  Բեռնաւորուած Նաւ Մը Գրաւուեցաւ

Թուրքիայէն Լիբանան Ուղղուող Զէնք-Զինամթերքով Բեռնաւորուած Նաւ Մը Գրաւուեցաւ

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յունական եզերապահ ուժերը 28 փետրուարին գրաւած են Թոկոյի դրօշը բարձրացուցած եւ զէնքերով ու պայթուցիկ նիւթերով բեռնաւորուած նաւ մը: «Քուքի Պոյ» անունը կրող 76 մեթր երկարութեամբ եւ 11 մեթր լայնքով նաւը գրաւուած է Ռոտոս կղզիին մօտ` թրքական Պոտրում քաղաքէն 102 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Յունական ուժերը նաւը տարած են Կրետէ: Յունական եզերապահ ուժերը նաւուն գրաւման գործողութեան...

Թուրքիա Ռուսիան Պաշտօնապէս  Հանած Է «Բարեկամներու» Ցուցակէն

Թուրքիա Ռուսիան Պաշտօնապէս Հանած Է «Բարեկամներու» Ցուցակէն

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ստեղծուած միջխորհրդարանական բարեկամական խումբերու շարքին Ռուսիան ընդգրկուած չէ: Բացի Ռուսիայէն, բարեկամական խումբեր չեն ստեղծուած նաեւ Սուրիոյ, Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի հետ: Թրքական խորհրդարանին մէջ ստեղծուած բարեկամական խումբերու երկիրներուն մէջ կայ նաեւ Պաղեստինեան իշխանութիւնը:

Մոսկուա Կը Յուսայ Դաշնակցային  Սուրիոյ Մը Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել.  «Սուրիոյ Սահմանակից Երկիրներու Կողմէ  Զինուորական Պատրաստութիւնները  Չեն Կրնար Չմտահոգել Ռուսիոյ Իշխանութիւնները»  Կ՛ըսէ Ռիապքով

Մոսկուա Կը Յուսայ Դաշնակցային Սուրիոյ Մը Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել. «Սուրիոյ Սահմանակից Երկիրներու Կողմէ Զինուորական Պատրաստութիւնները Չեն Կրնար Չմտահոգել Ռուսիոյ Իշխանութիւնները» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Սերկէյ Ռիապքով Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական միջամտութիւնը զինադուլը տապալող հարուած մը պիտի ըլլայ»` աւելցնելով. «Թուրքիոյ վարմունքը Սուրիոյ մէջ զինադուլի սեղանին տակ զետեղուած եւ ժամացոյցի կցուած ռումբի համազօր է»: «Թրքական իշխանութիւնները սուրիական շրջանները հարուածելու գաղափարէն չհրաժարեցան», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Սուրիոյ սահմանամերձ երկիրներուն կողմէ զինուորական պատրաստութիւնները չեն կրնար չմտահոգել Ռուսիոյ իշխանութիւնները»: Ռիապքով յայտնեց, որ...

Իրանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին  Գործոց Նախարարներու Եռակողմ Հանդիպում

Իրանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Եռակողմ Հանդիպում

Հիւսէյն Ժապարի Անսարի ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպում մը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Ժապարի Անսարի նշած է, որ հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուի գործադրման հարցը այն համաձայնութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են Թեհրանի մէջ Իրանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումին ընթացքին: Անսարի ըսած է, որ Թեհրանի...

«Եւրոպական Միութեան Եւ Իրանի  Համագործակցութիւնը Դրականօրէն  Պիտի Ազդէ Շրջանին Վրայ»  Կ՛ըսէ Մոկերինի

«Եւրոպական Միութեան Եւ Իրանի Համագործակցութիւնը Դրականօրէն Պիտի Ազդէ Շրջանին Վրայ» Կ՛ըսէ Մոկերինի

Ֆետերիքա Մոկերինի Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան իր տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը ձգտի քաղաքական երկխօսութիւն հաստատել Իրանի հետ եւ վերականգնել փոխշահաւէտ տնտեսական յարաբերութիւնները, ինչ որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Իրանի դրացի երկիրներուն կացութեան վրայ: «Ես վստահ եմ, որ նորովի համագործակցութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ ոչ միայն Իրանի եւ Եւրոպական...

«Եւրոպական Միութիւնը Չի Կրնար Արտօնել,  Որ Յունաստանը Գաղթականներուն  Պատճառով Քաոսի Մէջ Ընկղմի»  Կ՛ըսէ Մերքել

«Եւրոպական Միութիւնը Չի Կրնար Արտօնել, Որ Յունաստանը Գաղթականներուն Պատճառով Քաոսի Մէջ Ընկղմի» Կ՛ըսէ Մերքել

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար արտօնել, որ ապօրինի գաղթականներուն դէպի իր հողամասեր հոսքի շարունակման եւ Պալքանեան շարք մը երկիրներու կողմէ Յունաստանի հետ իրենց սահմանի փակման պատճառով «քաոսի մէջ ընկղմի»: «Իսկապէս կը հաւատա՞ք, թէ Եւրոյի շրջանի երկիրները, որոնք անցեալ տարուան ընթացքին մինչեւ վերջ պայքարեցան, որպէսզի Յունաստանը Եւրոյի գօտիին մէջ մնայ, կրնան ատկէ մէկ տարի ետք արտօնել,...

Քլինթըն Սաութ Քարոլայնայի Մէջ  Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց

Քլինթըն Սաութ Քարոլայնայի Մէջ Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց

Հիլըրի Քլինթըն Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատական թեկնածուի ճշդման ընտրութիւններուն ընթացքին Հարաւային Քարոլայնայի մէջ արձանագրեց մեծ յաղթանակ մը, որ չորս նախնական ընտրութեանց մէջ իր երրորդն է: «Մեծ երեքշաբթի» օրուան ընթացքին 11 նահանգներու մէջ տեղի պիտի ունենան նախնական ընտրութիւններ, որոնցմէ ետք շաբաթավերջին չորս այլ նահանգներու մէջ եւս տեղի պիտի ունենան ընտրութիւններ: Երեքշաբթի օրուան ընտրութեան մասնակից 11 նահանգներէն 6-ին մէջ փոքրամասնութիւններու անդամներուն թիւը...

ՏԱՀԵՇ Թրքական Հողամասերէն Եւ Թրքական  Հրետանիի Օժանդակութեամբ  Յարձակում Գործեց Թել Ապիատի Դէմ

ՏԱՀԵՇ Թրքական Հողամասերէն Եւ Թրքական Հրետանիի Օժանդակութեամբ Յարձակում Գործեց Թել Ապիատի Դէմ

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին յարձակում գործած է Թել Ապիատի դէմ, ուր բուռն բախումներ ունեցած է քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերուն հետ: Դիտարանը կը նշէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները քաղաք ներթափանցած են, մինչ թրքական հրետանին կը ռմբակոծէր շրջանին մէջ քրտական ուժերուն դիրքերը, իսկ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային ուժերը իրենց կարգին ռմբակոծած են յարձակում շղթայազերծած ՏԱՀԵՇ-ի...

Ըստ Նախնական Արդիւնքներուն.  Բարեկարգչականները Ապահոված Են Թեհրանի  Ընտրատարածքին Բոլոր Աթոռները

Ըստ Նախնական Արդիւնքներուն. Բարեկարգչականները Ապահոված Են Թեհրանի Ընտրատարածքին Բոլոր Աթոռները

Մինչ Իրանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներու հաշուարկը կը շարունակուի, նախնական արդիւնքները ցոյց տուին, որ բարեկարգչականները ապահոված են խորհրդարանին մէջ Թեհրանի վերապահուած բոլոր երեսուն աթոռները: Մասնագէտները խորհրդարանական եւ Փորձագէտներու խորհուրդի ընտրութիւնները կը նկատեն Իրանի բարեկարգչական նախագահ Հասան Ռուհանիի վարած քաղաքականութեան շուրջ հանրաքուէ մը: Ռուհանի յայտարարեց, որ ընտրութիւնները կառավարութիւնը օժտեցին յաւելեալ հաւաստիութեամբ եւ ուժով` վերջ տալով մրցակցութեան: «Կառավարութիւնը Իրանի ապագան կերտելու համար...

Եգիպտական Խորհրդարանին Մէջ.  Կօշիկի Հարուած` Իսրայէլի Դեսպանին Հետ  Հանդիպում Ունեցած Երեսփոխանին

Եգիպտական Խորհրդարանին Մէջ. Կօշիկի Հարուած` Իսրայէլի Դեսպանին Հետ Հանդիպում Ունեցած Երեսփոխանին

Եգիպտացի երեսփոխան Թուֆիք Աքաշայի եւ Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպանին հարցը կը շարունակէ արժանանալ ժողովրդային եւ քաղաքական բուռն հակազդեցութեան: Երէկ Եգիպտոսի խորհրդարանին մէջ նշեալ հարցով արձանագրուեցաւ դէպք մը. երեսփոխան Քամալ Ահմետ խորհրդարանի նիստին ընթացքին իր կօշիկով հարուածեց Աքաշան, որմէ ետք խորհրդարանին մէջ ստեղծուեցաւ իրարանցում, որուն պատճառով խորհրդարանի նախագահը երկու երեսփոխանները վտարեց դահլիճէն: Ահմետ մեկնաբանելով իր արարքը յայտարարեց, որ ամէն անգամ, որ...

Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Միջեւ Ստորագրուած Են  Աւելի Քան Տասնեակ Մը Փաստաթուղթեր

Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Միջեւ Ստորագրուած Են Աւելի Քան Տասնեակ Մը Փաստաթուղթեր

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, հաղորդեց, որ 23 փետրուարին Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի եւ Իրանի նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Հասան Ռուհանիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, նախագահներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է երկու երկիրներուն միջեւ փաստաթուղթերու ստորագրութեան արարողութիւն: Ազրպէյճանի եւ Իրանի կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած են արտակարգ իրավիճակներու ջնջման եւ նախազգուշացման մասին համաձայնագիր, մաքսային հարցերու մէջ փոխադարձ վարչական օգնութեան մասին համաձայնագիր, անասնաբուժութեան եւ...

ԵԽԽՎ-ի Նախագահը Կը Մեկնի Պաքու

ԵԽԽՎ-ի Նախագահը Կը Մեկնի Պաքու

Փետրօ Ակրամունթ Ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փետրօ Ակրամունթ 2 մարտին պիտի այցելէ Պաքու: Պաքուի մէջ Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցչութենէն «Թուրան»-ին յայտնած են, որ այցելութեան ընթացքին Ակրամունթ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութեան, երեսփոխաններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ: Փետրօ Ակրամունթի անունը շատոնց դարձած է փտածութեան հոմանիշ: Ան ալիեւեան վարչակարգին հաւատարիմ բարեկամն է եւ...

Ազրպէյճան Ծանր Սպառազինութիւն  Ներածող Թիւ Մէկ Երկիրն Է Եւրոպայի Մէջ

Ազրպէյճան Ծանր Սպառազինութիւն Ներածող Թիւ Մէկ Երկիրն Է Եւրոպայի Մէջ

«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ 2006-2010-ի տուեալներուն հետ համեմատած` 2011-2015 թուականներուն Ազրպէյճան 217 տոկոսով աւելցուցած է ծանր սպառազինութեան ներածումը` այդպիսով դառնալով Եւրոպայի մէջ ծանր սպառազինութիւն ներածող թիւ մէկ երկիրը: Այս տուեալները նշուած են Սթոքհոլմի մէջ գործող Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին (SIPRI) կողմէ երկուշաբթի, 22 փետրուարին հրապարակուած զեկուցումին մէջ: Եւրոպայի մէջ ծանր սպառազինութիւն ներածող երկիրներու ցանկին վրայ երկրորդն է Բրիտանիան, որուն ներածումները...

Փութին Զրուցած Է Ալիեւի Հետ

Փութին Զրուցած Է Ալիեւի Հետ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է առեւտրական-տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքը:

Քալըն. «Անգարա Սուրիոյ Մէջ Ինքնագլուխ  Ցամաքային Գործողութեան Չի Պատրաստուիր».  Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուեցաւ  Սուրիոյ Մէջ Զինադուլի Համաձայնութիւնը

Քալըն. «Անգարա Սուրիոյ Մէջ Ինքնագլուխ Ցամաքային Գործողութեան Չի Պատրաստուիր». Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուեցաւ Սուրիոյ Մէջ Զինադուլի Համաձայնութիւնը

Պարաք Օպամա Երէկ կէս գիշերին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուեցաւ Սուրիոյ մէջ զինադուլ հաստատելու համաձայնութիւնը: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն իր բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ Սուրիոյ մէջ զինադուլ ապահովելու համար, սակայն նշեց, որ ինք պատրանքներ չունի զինադուլի վերաբերեալ: Օպամա Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարեց. «Մեզմէ ոչ ոք ինքզինք չի սփոփեր պատրանքներով: Մենք կը գիտակցինք,...

Իրանի Մէջ.  Խորհրդարանի Եւ Փորձագէտներու  Խորհուրդի Ընտրութիւններ

Իրանի Մէջ. Խորհրդարանի Եւ Փորձագէտներու Խորհուրդի Ընտրութիւններ

Միլիոնաւոր իրանցիներ երէկ դիմեցին ընտրական կեդրոններ` մասնակցելու համար երկու կարեւոր ընտրութիւններու, որոնք Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութենէն եւ պատժամիջոցներու ջնջումէն ետք առաջինն են: Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք պիտի գոյանայ նոր խորհրդարան մը եւ Փորձագէտներու խորհուրդը` հոգեւորականներէ կազմուած մարմինը, որ երկրին գերագոյն հոգեւոր պետին նշանակումը կատարելու լիազօրութիւնը ունի: Բարեկարգչականները կը յուսան իրենց ազդեցութիւնը աճեցնել երկու կառոյցներուն ալ մէջ, որոնք ներկայիս կը...

Page 799 of 882 1 … 798 799 800 … 882

Արխիւներ