
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ֆոքուս»-ին յայտնած է, թէ Պուլկարիան Պուրկասի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան կցորդ Ուղուր Էմիրօղլուն յայտարարած է անցանկալի անձ:
«Թուրք դիւանագէտ Ուղուր Էմիրօղլու հաւատարմագրուած է իբրեւ ընկերային հարցերով կցորդ, սակայն որ ժամանակին մեծ մասը զբաղուած է կրօնական գործունէութեամբ», կ՛ըսուի տեղեկատուութեան մէջ:
«Բացի ատկէ, թուրք դիւանագէտը ճնշում գործադրած է թրքական համայնքի քաղաքական կուսակցութեան վրայ, ինչ որ կը հանդիսանայ Պուլկարիոյ ներքին քաղաքական հոլովոյթներուն կոպիտ միջամտութիւն», գրած է «Ֆոքուս»:


