Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա Եւ Դամասկոս Սուրիոյ Մէջ Զինադուլը Մերժող Զինեալ Խմբաւորումները Պիտի Նկատեն Ահաբեկչական

Փետրուար 25, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մարիա Զախարովա
Մարիա Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Այն զինեալ խմբաւորումները, որոնք կը մերժեն զինադուլին յանձնառու դառնալ, պիտի նկատենք ահաբեկչական»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը իր կարգին «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Այն զինեալ խմբաւորումները, որոնք մերժած են մարտական գործողութիւններու դադրեցման որոշումը, ահաբեկչական պիտի նկատուին»:

23 փետրուարին կարգ մը արաբական լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ ընդդիմադիր Սուրիական ազատ բանակի խումբերէն մէկ քանին կը յայտարարեն, որ Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատումը չեն ընդունիր, եթէ անիկա չի ներառեր Ժապհաթ Նուսրան, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նկատուած է ահաբեկչական խմբաւորում:

Փութինի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնները

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ քննարկած է Սուրիոյ մէջ զինադուլի համաձայնութեան գործադրութեան միջոցները: Քրեմլին նշեց, որ Ասատ Փութինին փոխանցած է, որ Դամասկոս պատրաստ է գործադրելու զինադուլի համաձայնութիւնը:

Սուրիական նախագահութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Փութին հեռաձայնած է Ասատին եւ հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է զինադուլի գործադրութեան լոյսին տակ սուրիական տագնապի ապագան:

Փութին եւ Ասատ ընդգծած են ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարի շարունակման կարեւորութիւնը:

Փութին երէկ նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին «հանգամանօրէն բացատրած է բովանդակութիւնը այն առաջարկներուն, որոնք առաջադրուած են Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ յայտարարութեան մէջ»:

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ «Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը ողջունեց ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, պատրաստակամութիւն յայտնեց Ռուսիոյ հետ միասնաբար աշխատելու անոնց իրագործման համար»` աւելցնելով. «Համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու խորհրդակցութիւնները»:

Փութին հեռաձայնած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի: Հաղորդակցութեան «հիմնական ուշադրութիւնը յատկացուած է սուրիական խնդիրին, մասնաւորաբար, քննարկմանը այն նախաձեռնութիւններուն եւ առաջարկներուն, որոնք տեղ գտած են Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ յայտարարութեան մէջ»:

Երկու երկիրներու ղեկավարները նշած են Ռուսիոյ եւ Իրանի հետագայ միացեալ աշխատանքի կարեւորութիւնը սուրիական ճգնաժամի լուծման հարցերուն մէջ, ներառեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի պատժացուցակին մէջ ներառուած ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ ահաբեկչական այլ կազմակերպութիւններու դէմ վճռական պայքարի շարունակումը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց, որ մեծ սուտ մըն է այն խօսքը, թէ Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն աջակցութիւն կը տրամադրուի, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պայքարի: «Ամերիկան, Ռուսիան, Իրանը, Եւրոպական Միութիւնը եւ ՄԱԿ-ը Սուրիոյ մէջ զինադուլի հարցով ամօթալի կերպով կը վարուին»:

ՄԱԿ-էն աղբիւր մը ԹԱՍՍ-ին յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ 27 փետրուարին Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման համաձայնութեան զօրակցող բանաձեւի երկու նախագիծ պատրաստած են: Երկու նախագիծերուն հիման վրայ կը նախատեսուի մէկ փաստաթուղթ մշակել` յառաջիկայ օրերուն որդեգրելու համար:

ՄԱԿ-ի այլ աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ապագայ բանաձեւի քննարկումը Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կ՛ընթանայ երկկողմ ձեւաչափով: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ բանաձեւի նախնական բնագիրը տակաւին չէ տրամադրուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի պետութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Զախարովա իր կարգին նշեց. «Ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան շուրջ ՄԱԿ-ի բանաձեւի նախագիծին շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի եւ որեւէ արգելք չենք նախատեսեր»:

Սպիտակ տունը յայտարարութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ տեսաժողովի մը ընթացքին քննարկած է Սուրիական տագնապի հարցը:

«Ղեկավարները ողջունած են Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման հեռանկարը, որ պիտի իրականացուի նախապէս Միւնիխի մէջ գոյացած համաձայնութեան ծիրին մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ղեկավարները հակամարտող բոլոր կողմերուն կոչ ուղղած են կատարելու տուեալ համաձայնագիրի պահանջները, ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս ընդգծած են Սուրիոյ մէջ խաղաղ իշխանափոխութեան կարեւորութիւնը: Անոնք անդրադարձած են նաեւ Ռուսիոյ օդուժին կողմէ Սուրիոյ մէջ օդային հարուածներուն` նշելով, որ անոնց թիրախը կը դառնան չափաւորական ընդդիմադիրներն ու խաղաղ բնակիչները: Օպամա, Մերքել, Հոլանտ եւ Քամերոն կոչ ուղղած են անյապաղ դադրեցնելու քաղաքային բնակչութեան շրջաններու անկանոն ռմբակոծումը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց. «Ուաշինկթընի եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ Մոսկուայի հետ Սուրիոյ հարցով համաձայնութեան յարատեւման շուրջ արտայայտուած կասկածներէն պատերազմի կոչեր կը լսուին»:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Նախնական Ընտրութիւններ. Թրամփ Յաղթանակ Արձանագրած Է Նեւատայի Մէջ

Յաջորդը

Մուքպել Պոնի Եւ Բրիտանական Պատուիրակութեան Մը Հետ Քննարկեց Բանակը Զինելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?