Միջազգային

Միացեալ Նահանգներ «Շտապ» Ծածկագիրով  Զգուշացում Ուղղած Են  Թուրքիա Գտնուող Իրենց Քաղաքացիներուն

Միացեալ Նահանգներ «Շտապ» Ծածկագիրով Զգուշացում Ուղղած Են Թուրքիա Գտնուող Իրենց Քաղաքացիներուն

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թուրքիա գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն ելեկտրոնային «շտապ ուղերձ» նամակով զգուշացուցած է հնարաւոր ահաբեկչական գործողութիւններէ: Ուղերձին մէջ կ՛ըսուի. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն լուրջ տեղեկութիւններ ստանալ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ Թուրքիոյ հանրածանօթ զբօսաշրջական կեդրոններու դէմ յարձակումներու նախապատրաստման մասին»: Նամակին մէջ կ՛ըսուի. «Ահաբեկիչներու բացայայտ թիրախները կը հանդիսանան Թուրքիոյ մէջ գտնուող արտասահմանցի զբօսաշրջիկները»: Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու...

«Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Յարաբերութիւններու  Սառեցման Մեղաւորները Երրորդ Ուժեր Են»  Կ՛ըսէ Պաղըշ

«Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Յարաբերութիւններու Սառեցման Մեղաւորները Երրորդ Ուժեր Են» Կ՛ըսէ Պաղըշ

Էկեմեն Պաղըշ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախկին նախարար Էկեմեն Պաղըշ Պաքուի մէջ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններու սառեցման մեղաւորները երրորդ ուժեր են: «Թուրքիան եւ Ռուսիան հին դրացիներ են, հին դաշնակիցներ: Բազմաթիւ բարդ ու նշանակալի հարցերու մէջ այդ երկիրները հանդէս եկած են նոյն դիրքերէն: Դժբախտաբար, կ՛ըլլայ նաեւ այնպէս, որ չհասկցուիլը եւ երրորդ...

Մոկերինի. «Թուրքիան Տակաւին Հեռու Է  Եւրոպական Միութեան Անդամակեցելէ»

Մոկերինի. «Թուրքիան Տակաւին Հեռու Է Եւրոպական Միութեան Անդամակեցելէ»

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած է, որ Թուրքիան տակաւին հեռու է Եւրոպական Միութեան անդամակցելէ, Եւրոպական Միութեան միանալու շուրջ բանակցութիւնները Պրիւքսէլի համար միակ միջոցն են այդ երկրին արդիականացման օգնելու: «Մենք տակաւին ատկէ հեռու ենք: Ատիկա կախեալ է բանակցութիւններուն ընթացքէն», ըսած է Մոկերինի «Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանէն: Ան նշած է, որ պալքանեան երկիրները...

Ազրպէյճանի Մէջ Եկեղեցին  Վերածուած Է Թէյարանի

Ազրպէյճանի Մէջ Եկեղեցին Վերածուած Է Թէյարանի

Ներկայիս Ազրպէյճանի վրացիներով եւ ուտիներով բնակուած Զաքաթալայի շրջանին մէջ քրիստոնէական յուշարձաններու դէմ բարբարոսական վերաբերմունքը դժգոհութիւն յառաջացուցած է տեղւոյն բնակիչներուն մօտ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ բնակիչները stratek.az ազրպէյճանական կայքին ուղարկած են բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավար Մուպարիզ Ահմետզատէն 5-6-րդ դարու քրիստոնէական եկեղեցին դարձուցած է թէյարան: Շրջանի բնակիչները կայքին պատմած են, որ Զաքաթալայի շրջանի գործադիր իշխանութեան...

Քերրի Եւ Զարիֆ Յաջողած Են Յառաջընթացի  Հասնիլ «Շարք Մը Առանցքային Հարցերու» Շուրջ

Քերրի Եւ Զարիֆ Յաջողած Են Յառաջընթացի Հասնիլ «Շարք Մը Առանցքային Հարցերու» Շուրջ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ իրանցի իր պաշտօնակից Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին կարելի եղած է յառաջընթաց արձանագրել շարք մը առանցքային հարցերու շուրջ: «Մենք բոլորս կ՛աշխատինք, որպէսզի Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը (Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնագիրը) կատարուի ճիշդ այնպէս, ինչպէս նախատեսուած է: Եւ որ...

Ուաշինկթըն. «Կոլանը Իսրայէլի Մէկ Մասը Չէ»

Ուաշինկթըն. «Կոլանը Իսրայէլի Մէկ Մասը Չէ»

Ճոն Քըրպի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի` մեկնաբանելով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի այն յայտարարութիւնը, թէ Կոլանը «յաւիտեանս պիտի մնայ իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ», շեշտեց, որ իր երկիրը Կոլանի բարձունքները Իսրայէլի մէկ մասը չի նկատեր: «Այս հարցին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը չփոխուեցաւ եւ ատոր համակարծիք են թէ՛ դեմոկրատական, թէ՛ ալ հանրապետական վարչակազմերը», ըսաւ Քըրպի` շեշտելով. «Այս հողերը Իսրայէլի մէկ...

Տաւութօղլու Կը Սպառնայ Եւրոպական Միութեան.  Եունքեր Կը Պատասխանէ. «Եւրոպական Միութիւնը  Պիտի Չմեղմացնէ Թուրքերու Մուտքի  Արտօնագիրներու Ջնջման Արժեչափերը»

Տաւութօղլու Կը Սպառնայ Եւրոպական Միութեան. Եունքեր Կը Պատասխանէ. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Չմեղմացնէ Թուրքերու Մուտքի Արտօնագիրներու Ջնջման Արժեչափերը»

  «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Սթրազպուրկ մեկնելէ առաջ, Անգարայի «Էսենպողա» օդակայանին մէջ լրագրողներուն յայտարարած է, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը չկատարէ գաղթականներու հարցով համաձայնագիրին մէջ իր կատարած խոստումները, ապա Անգարա պիտի ջնջէ համաձայնութեան կէտերը: «Անգարա պիտի չհետեւի Եւրոպական Միութեան հետ գաղթականներու մասին համաձայնագիրի պայմաններուն, եթէ ան չկատարէ Թուրքիոյ հետ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն որդեգրելու, Եւրոպական Միութեան...

Ռուսիոյ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը  Դադրեցուցած Է Խրիմի Մէջ Խրիմաթաթարական  Ժողովուրդի Խորհուրդի Գործունէութիւնը

Ռուսիոյ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը Դադրեցուցած Է Խրիմի Մէջ Խրիմաթաթարական Ժողովուրդի Խորհուրդի Գործունէութիւնը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արդարադատութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը դադրեցուցած է Խրիմի մէջ Խրիմաթաթարական ժողովուրդի խորհուրդի գործունէութիւնը` զայն ներառելով իրենց ծայրայեղական գործունէութեան համար արգիլուած կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ: Կը նշուի, որ խորհուրդը ծայրայեղական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ ներառուած է Խրիմի դատախազի` հասարակական միաւորման գործունէութիւնը դադրեցնելու մասին որոշումին հիմամբ: Խորհուրդը Ռուսիոյ մէջ չարձանագրուած կազմակերպութիւն մըն է, որ կը յաւակնի Խրիմի թաթարները ներկայացնող մարմին...

«Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Սուրիոյ  Եւ Ասատի Ճակատագիրին Շուրջ  Գաղտնի Բանակցութիւններ Չկան»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Սուրիոյ Եւ Ասատի Ճակատագիրին Շուրջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Չկան» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ գաղտնի բանակցութիւններ չկան, այլ` Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի ծիրին մէջ խորհրդակցութիւններ»: Ան նշեց, որ այն խօսքը, որ Ուաշինկթընի հետ գաղտնի հանդիպումներ կան եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին շուրջ քննարկումներ` «ճիշդ չէ»: «Ատիկա փորձ է ականահարելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը, որ կը նշէ, թէ միայն...

Երուսաղէմի Մէջ Փոխադրակառքի Մը Պայթում

Երուսաղէմի Մէջ Փոխադրակառքի Մը Պայթում

Երուսաղէմի մէջ փոխադրակառքի մը մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որուն պատճառով վիրաւորուեցան 15 իսլայէլացիներ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Երուսաղէմի հարաւը գտնուող թիւ 12 ճամբուն վրայ փոխադրակառք մը թիրախ դարձած է ականահարումի, որուն պատճառով արձանագրուած են 15 վիրաւորներ: Պայթումին պատճառով հրկիզուած են երկու փոխադրակառքեր եւ ինքնաշարժ մը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ականահարումի թիրախ դարձած փոխադրակառքը ճամբորդներ չէր փոխադրեր եւ վիրաւորները...

Շուէտի Վարչապետը Դատապարտած Է  Թրքական Ընկերակցութեան  Նախագահի Հակահայկական Խօսքը

Շուէտի Վարչապետը Դատապարտած Է Թրքական Ընկերակցութեան Նախագահի Հակահայկական Խօսքը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Շուէտի վարչապետ Սթեֆան Լիովեն արձագանգած է Սթոքհոլմի կեդրոնական Սերկելս Թոյր հրապարակին վրայ թուրք-ազրպէյճանական համայնքի ցոյցին ժամանակ արտայայտուած հայատեացութեան դրսեւորումներուն: Վարչապետ Լիովեն նշած է. «Շուէտի մէջ կատարելապէս անընդունելի է այլատեացութեան սերմանումը այլ խումբերու դէմ` անկախ անոնց կրօնական, ազգային կամ քաղաքական պատկանելիութենէն: Մեր մօտ քաղաքական գործունէութիւնը կը կատարուի ժողովրդավարական սկզբունքներով` իրաւահաւասարութեան եւ իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանքով: Այս սկզբունքները քննարկման...

Յորդանան Տուն Կը Կանչէ  Իրանի Մէջ Իր Դեսպանը

Յորդանան Տուն Կը Կանչէ Իրանի Մէջ Իր Դեսպանը

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Յորդանանի կառավարութիւնը որոշած է խորհրդակցութիւններու համար տուն կանչել Իրանի մէջ իր դեսպան Ապտուլլա Ապու Ռումանին` Արաբական ծոցի երկիրներու ներքին հարցերուն Թեհրանի միջամտութեան պատճառով: Յորդանանի լրատուամիջոցներու եւ հաղորդակցութիւններու գործերու նախարար Մոհամետ Մոմանիի կը յայտնէ, որ Իրանի ներկայ քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ կրնայ ճգնաժամի եւ անկայունութեան խորացման պատճառ դառնալ: Նախարարը Թեհրանին նաեւ կոչ ուղղած է` վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ...

Էքուատորի Մէջ Երկրաշարժի  Զոհերուն Թիւը Բարձրացած Է 350-ի

Էքուատորի Մէջ Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը Բարձրացած Է 350-ի

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Էքուատորի ներքին գործոց փոխնախարար Տիեկօ Ֆուենթես յայտնած է, որ շաբաթ օր երկիրը հարուածած 7,8 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժի զոհերուն թիւը բարձրացած է 262-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւն է` 2527: Էքուատորի նախագահ Ռաֆայէլ Քորիա յայտարարեց, որ զոհերուն թիւը առնուազն 272 է: Աւելի ուշ երկրին կառավարութիւնը յայտարարեց, որ զոհերուն թիւը 350 է: Երկրաշարժէն վնասուած վայրեր ուղարկուած են 10.000 զինուորներ...

Պրազիլի Խորհրդարանի Ստորին  Պալատը Աջակցեցաւ Երկրի Նախագահին  Պաշտօնազրկումին

Պրազիլի Խորհրդարանի Ստորին Պալատը Աջակցեցաւ Երկրի Նախագահին Պաշտօնազրկումին

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պրազիլի խորհրդարանի ստորին պալատը աջակցած է երկրի նախագահ Տիլմա Ռուսեֆի պաշտօնազրկումին: Նշեալ նախաձեռնութեան կողմնակիցները կրցած են ապահովել երեսփոխաններու երկու երրորդի աջակցութիւնը, որ անհրաժեշտ է այդ որոշումին որդեգրման համար: Այժմ պետութեան ղեկավարի պաշտօնանկութեան հարցը առ ի քննարկում պիտի ներկայացուի Ծերակոյտին` խորհրդարանի վերին պալատին: Եթէ ծերակուտականներու 50 առ հարիւրէն աւելին հաւանութիւն տայ Ռուսեֆի նկատմամբ պաշտօնանկութեան հոլովոյթ...

Ըստ Համաշխարհային Դրամատան.  Սուրիոյ Վերականգնման Համար  Անհրաժեշտ Է 150-180 Միլիառ Տոլար

Ըստ Համաշխարհային Դրամատան. Սուրիոյ Վերականգնման Համար Անհրաժեշտ Է 150-180 Միլիառ Տոլար

Համաշխարհային դրամատան ղեկավար Ճիմ Եոն Քիմ Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ Համաշխարհային դրամատան միացեալ ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ վերականգնման համար պիտի պահանջուի 150-180 միլիառ տոլար: «Սակայն զիս կը մտահոգէ այն, որ քարիւղի գիներու անկումին պատճառով անհրաժեշտ գումարը չհաւաքուի: Սովորաբար ելեւմտական օգնութեան մեծ մասը կը տրամադրուէր շրջանային դրացիներու` քարիւղ արտահանող պետութիւններու կողմէ, սակայն հիմա այդ երկիրները իրենք կը դիմագրաւեն պիւտճէական նուազումներ»,...

Գաղտնի Սպասարկութիւնները  Կը Նախազգուշացնեն Ռիօ Տը Ժանէյրոյի Մէջ  Ողիմպիական Խաղերուն Ժամանակ  Ահաբեկչութիւններու Վտանգէն

Գաղտնի Սպասարկութիւնները Կը Նախազգուշացնեն Ռիօ Տը Ժանէյրոյի Մէջ Ողիմպիական Խաղերուն Ժամանակ Ահաբեկչութիւններու Վտանգէն

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պրազիլի յատուկ ծառայութիւնները չեն բացառեր, որ միջազգային ահաբեկիչները կրնան փորձել ահաբեկչութիւն կատարել Ողիմպիական խաղերուն ժամանակ, որոնք տեղի պիտի ունենան օգոստոսին` Ռիօ տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ: Համապատասխան յայտարարութիւնը կատարած է պրազիլական հետախուզական գործակալութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքի ղեկավար Լուիս Ալպերթու Սալապերի: «Հաւանականութիւնը, որ մեր երկիրը կրնայ դառնալ ահաբեկչութեան թիրախ, վերջին ամիսներուն աւելցած է` վերջին շրջանին...

Սալվատորի Իշխանութիւնները Արտակարգ  Դրութիւն Յայտարարած Են Երաշտի Պատճառով

Սալվատորի Իշխանութիւնները Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարած Են Երաշտի Պատճառով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սալվատորի մէջ կլիմայական փոփոխութիւնները, որոնք վերածուած են երաշտի եւ ջուրի անբաւարարութեան, Կեդրոնական Ամերիկայի այս հանրապետութեան իշխանութիւններուն հարկադրած են 14 ապրիլին արտակարգ դրութիւն յայտարարել: Սալվատորի բնակչութեան թիւն է 6,4 միլիոն: Սալվատորի նախագահ Սանչես Սերեն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է.«Ես ջրամատակարարման եւ կոյուղիի ազգային վարչութեան ղեկավարութեան արտօնեցի յայտարարել արտակարգ դրութիւն, ինչ որ անոր պիտի արտօնէ...

Չեխիոյ Հանրապետութիւնը Պատրաստ Է  Պաշտօնապէս Դառնալու Չեխիա

Չեխիոյ Հանրապետութիւնը Պատրաստ Է Պաշտօնապէս Դառնալու Չեխիա

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Չեխիոյ Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ մնալ երկրին պաշտօնական անուանումը, սակայն, երկրի ղեկավարութեան կարծիքով, անուան կրճատ տարբերակը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ օգտագործել, մասնաւորաբար, սննդամթերքի եւ հագուստի պիտակաւորումին կամ մարզական մրցումներուն ժամանակ: Այսպիսով, «Չեխիա»-ն կրնայ դառնալ երկրի պաշտօնական կարճ աշխարհագրական անուանումը, ինչպէս Ֆրանսան` Ֆրանսայի Հանրապետութեան փոխարէն, կամ Ռուսիան` Ռուսիոյ դաշնակցութեան փոխարէն: Եթէ նախաձեռնութիւնը խորհրդարանը հաստատէ, անուանումը պիտի ներկայացուի ՄԱԿ-ի...

ՍՈՔԱՐ Դադրեցուցած Է Ազրպէյճանի  Մեծագոյն Նախագիծը

ՍՈՔԱՐ Դադրեցուցած Է Ազրպէյճանի Մեծագոյն Նախագիծը

Թոֆիկ Գահրամանով Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ՍՈՔԱՐ ընկերութեան ռազմավարական զարգացման հարցով փոխնախագահ Թոֆիկ Գահրամանով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ՍՈՔԱՐ-ը քարիւղի գինի անկումին պատճառով դադրեցուցած է Պաքուէն 60 քիլոմեթր դէպի հարաւ, Կարատաղի շրջանի Սանկաչալ աւանին մէջ նաւթաքիմիական համալիրի շինարարութեան մեծագոյն` 9 միլիառ տոլար արժողութեամբ նախագիծը: Նախագիծին վրայ ներդրումը, որուն նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են քանի մը արտասահմանեան ընկերութիւններ, ներառեալ` ճափոնական «Միսուի»-ն,...

Օպամա Պիտի Ջնջէ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները, Եթէ…

Օպամա Պիտի Ջնջէ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները, Եթէ…

Ճոն Քերրի «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատրաստ է ջնջելու Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները, եթէ Ուքրանիոյ վերաբերեալ Մինսքի համաձայնութիւններուն բոլոր կէտերը կատարուին: «Ես կրկնած եմ նախագահ Օպամայի խոստումները, որ պատժամիջոցները պիտի վերցուին, եթէ Մինսքի համաձայնութիւններուն բոլոր կէտերը կատարուին, ներառեալ` բոլոր զօրքերուն հեռացումը...

Page 791 of 882 1 … 790 791 792 … 882

Արխիւներ