
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Սթրազպուրկ մեկնելէ առաջ, Անգարայի «Էսենպողա» օդակայանին մէջ լրագրողներուն յայտարարած է, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը չկատարէ գաղթականներու հարցով համաձայնագիրին մէջ իր կատարած խոստումները, ապա Անգարա պիտի ջնջէ համաձայնութեան կէտերը:
«Անգարա պիտի չհետեւի Եւրոպական Միութեան հետ գաղթականներու մասին համաձայնագիրի պայմաններուն, եթէ ան չկատարէ Թուրքիոյ հետ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն որդեգրելու, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները արագացնելու եւ խոստացուած գումարին 3 միլիառ եւրոյի մասը փոխանցելու մասին խոստումները», սպառնացած է Տաւութօղլու:
Ան նշած է, որ Թուրքիան կ՛աշխատի Եւրոպական Միութեան առջեւ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն վրայ: «Ես Եւրոպական Միութեան համար կարելիութիւն չեմ տեսներ նահանջ կատարելու այն բանէն ետք, երբ մենք այդքան հեռու գացած ենք», յայտարարած է ան:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ վերջերս Անգարային յիշեցուցած էր, որ թուրքերուն համար Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագիրի ազատականացումը կրնայ տեղի ունենալ այն ժամանակ միայն, երբ Թուրքիան կատարէ ատոր համար անհրաժեշտ 72 կէտերէ կազմուած պայմանները:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիան պէտք է կատարէ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ առանց մուտքի արտօնագիրի մուտք գործելու բոլոր պահանջները, որպէսզի յանձնաժողովը կարենայ յառաջիկայ ամիսներուն գործադրել իր առաջարկը` ընդգծելով, որ արժեչափերը պիտի չմեղմացուին:


