
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի` մեկնաբանելով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի այն յայտարարութիւնը, թէ Կոլանը «յաւիտեանս պիտի մնայ իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ», շեշտեց, որ իր երկիրը Կոլանի բարձունքները Իսրայէլի մէկ մասը չի նկատեր:
«Այս հարցին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը չփոխուեցաւ եւ ատոր համակարծիք են թէ՛ դեմոկրատական, թէ՛ ալ հանրապետական վարչակազմերը», ըսաւ Քըրպի` շեշտելով. «Այս հողերը Իսրայէլի մէկ մասը չեն, եւ անոնց կարգավիճակը պէտք է ճշդուի բանակցութիւններուն ճամբով, սակայն Սուրիոյ ներկայ կացութիւնը ատիկա չ՛արտօներ»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին արձագանգելով Նեթանիահուի յայտարարութեան նշեց. «Կոլանի բարձունքները Սուրիոյ հողամասերուն մէկ անբաժանելի մասն են»:
Արաբական Լիկան Կը Դատապարտէ
Նեթանիահուի` Կոլանը Իսրայէլեան Նկատող
Յայտարարութիւնը
Արաբական լիկան դատապարտեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` Սուրիոյ Կոլանի բարձունքներուն վերաբերող յայտարարութիւնը` նշելով, որ ատիկա գրգռիչ յայտարարութիւն մըն է, որուն նպատակը խաղաղութեան միջազգային ջանքերը ձախողութեան մատնելն է:
Արաբական լիկան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Կոլանի բարձունքներէն Իսրայէլի չհեռանալուն վերաբերեալ Նեթանիահուի յայտարարութիւնը մագլցողական քայլ մըն է, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի, Ապահովական խորհուրդի, մարդկային իրաւանց եւ Ժընեւի համաձայնութեանց բացայայտ խախտում մը:
Արաբական լիկան զգուշացուց Իսրայէլը ներկայ սուրիական տագնապը օգտագործելէ` արդարացնելու համար սուրիական, արաբական Կոլանի բռնագրաւումը` ընդգծելով «արաբական եւ սուրիական բռնագրաւեալ Կոլանի արաբականութիւնը եւ արաբական հողերու այդ բաժինին վրայ սուրիացի արաբ ժողովուրդի գերիշխանութեան իրաւունքը»:
Արաբական լիկան նշեց, որ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յանձնախումբի 21 մարտ 2016-ին գումարած 31-րդ նստաշրջանին ընթացքին որդեգրուած որոշումը հաստատած է, որ սուրիական բռնագրաւեալ Կոլանի բնոյթն ու իրաւավիճակը փոխելու նպատակով Իսրայէլի որդեգրած բոլոր օրէնսդրական եւ վարչական տնօրինումները չեղեալ են ու յստակ բռնաբարում մը միջազգային օրէնքին եւ Ժընեւի համաձայնութիւններուն:
 
			

