Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը Դադրեցուցած Է Խրիմի Մէջ Խրիմաթաթարական Ժողովուրդի Խորհուրդի Գործունէութիւնը

April 20, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

RMJ_41916

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արդարադատութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը դադրեցուցած է Խրիմի մէջ Խրիմաթաթարական ժողովուրդի խորհուրդի գործունէութիւնը` զայն ներառելով իրենց ծայրայեղական գործունէութեան համար արգիլուած կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ:

Կը նշուի, որ խորհուրդը ծայրայեղական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ ներառուած է Խրիմի դատախազի` հասարակական միաւորման գործունէութիւնը դադրեցնելու մասին որոշումին հիմամբ:

Խորհուրդը Ռուսիոյ մէջ չարձանագրուած կազմակերպութիւն մըն է, որ կը յաւակնի Խրիմի թաթարները ներկայացնող մարմին մը ըլլալ:

Խորհուրդի նախկին եւ ներկայ ղեկավարներ, Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի երեսփոխաններ Մուսթաֆա Ճեմիլեւ եւ Ռեֆաթ Չուպարով կը բնակէին Քիեւի մէջ: Խրիմի դատախազութեան կարծիքով` անոնք մասնակից են թերակղզիին ուժանիւթային շրջափակման:

Խրիմի Գերագոյն դատարանը ներկայիս կը քննէ հանրապետութեան դատախազ Նաթալիա Փոքլոնսքայայի` Խրիմաթաթարական ժողովուրդի խորհուրդը իբրեւ ծայրայեղական կազմակերպութիւն ճանչնալու եւ անոր գործունէութիւնը Ռուսիոյ մէջ արգիլելու մասին դիմումը:

Նաթալիա Փոքլոնսքայա կազմակերպութեան գործունէութիւնը դադրեցուցած է 13 ապրիլ 2016-ին:

«Խորհուրդին կ՛արգիլուի օգտուիլ բոլոր պետական եւ քաղաքապետական լրատուամիջոցներէն, կազմակերպել տարբեր հրապարակային զանգուածային ձեռնարկներ, օգտագործել դրամատնային հաշիւներ եւ ընդհանրապէս որեւէ աշխատանք կատարել: Անոնց ամբողջ քարոզչութիւնը պիտի արգիլուի», դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր Նաթալիա Փոքլոնսքայա:

Ռուսական լրատուամիջոցները նախապէս յայտնած էին, որ Խրիմի դատարանը հեռակայ կարգով ձերբակալած է Խրիմաթաթարական ժողովուրդի խորհուրդի նախկին ղեկավար Մուսթաֆա Ճեմիլեւը:

Հետաքրքրական է, որ վերջերս Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Պոլսոյ մէջ հանդիպում ունեցած են խրիմցի թաթարներու ղեկավարներ Մուսթաֆա Ճեմիլեւի եւ Ռեֆաթ Չուպարովի հետ: Այդ հանդիպումը փաստող լուսանկարը հրապարակուած է Խրիմաթաթարական խորհուրդի «նախագահ» Ռեֆաթ Չուպարովի պլոկին վրայ:

Ուքրանական լրատուամիջոցներ վերջերս յայտնած էին, որ համացանց թափանցած գաղտնի փաստաթուղթերու համաձայն, ուքրանական գաղտնի սպասարկութիւններու աշխատակիցները երկար ժամանակ հետեւած են Խրիմի մէջ թաթարներու խորհուրդի ղեկավար Մուսթաֆա Ճեմիլեւի գործունէութեան եւ եզրակացուցած, որ ան կ՛աշխատի թրքական գաղտնի սպասարկութեան օգտին եւ սպառնալիք կը ներկայացնէ ազգային անվտանգութեան:

Այդ գաղտնի նիւթերուն համաձայն, անվտանգութեան ծառայութիւնը կը նկատէ, որ բոլոր հիմքերը ունի Ճեմիլեւին իբրեւ «թրքական գաղտնի սպասարկութիւններու ազդեցութեան գործակալ» կասկածելու գործով հետաքննութիւն կատարելու այն բանէն ետք, երբ ան եւ Խրիմի ազրպէյճանական համայնքի ղեկավար Ռահիմ Հումպաթով 2013-ին աշխուժօրէն յառաջ մղած են գերմանացի նացիներու հետ համագործակցելու համար 1944-ին կղզիէն խրիմցի թաթարներու արտաքսումը «ցեղասպանութիւն» ճանչնալու մասին օրինագիծը:

 

 

Նախորդը

Կոչ

Յաջորդը

Տաւութօղլու Կը Սպառնայ Եւրոպական Միութեան. Եունքեր Կը Պատասխանէ. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Չմեղմացնէ Թուրքերու Մուտքի Արտօնագիրներու Ջնջման Արժեչափերը»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.