Երուսաղէմի մէջ փոխադրակառքի մը մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որուն պատճառով վիրաւորուեցան 15 իսլայէլացիներ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Երուսաղէմի հարաւը գտնուող թիւ 12 ճամբուն վրայ փոխադրակառք մը թիրախ դարձած է ականահարումի, որուն պատճառով արձանագրուած են 15 վիրաւորներ:
Պայթումին պատճառով հրկիզուած են երկու փոխադրակառքեր եւ ինքնաշարժ մը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ականահարումի թիրախ դարձած փոխադրակառքը ճամբորդներ չէր փոխադրեր եւ վիրաւորները անոր մօտ գտնուող ինքնաշարժներուն մէջ էին: