Համաշխարհային դրամատան ղեկավար Ճիմ Եոն Քիմ Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ Համաշխարհային դրամատան միացեալ ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ վերականգնման համար պիտի պահանջուի 150-180 միլիառ տոլար:
«Սակայն զիս կը մտահոգէ այն, որ քարիւղի գիներու անկումին պատճառով անհրաժեշտ գումարը չհաւաքուի: Սովորաբար ելեւմտական օգնութեան մեծ մասը կը տրամադրուէր շրջանային դրացիներու` քարիւղ արտահանող պետութիւններու կողմէ, սակայն հիմա այդ երկիրները իրենք կը դիմագրաւեն պիւտճէական նուազումներ», ըսաւ Քիմ:
Նախապէս հրապարակուած տուեալներու համաձայն, մարտ 2011-էն ի վեր շարունակուող տագնապին պատճառով Սուրիոյ տնտեսութիւնը կրած է տասնեակ միլիառաւոր տոլարներու վնաս: