Միջազգային

Ազրպէյճանի Մէջ Կ՛առաջարկեն Պետական  Կառոյցները Քննադատողները  Պատժող Օրէնք Որդեգրել

Ազրպէյճանի Մէջ Կ՛առաջարկեն Պետական Կառոյցները Քննադատողները Պատժող Օրէնք Որդեգրել

Ֆարաճ Կուլիեւ «Արմէնփրես» կը գրէ, որ ամէն բանի մէջ իր մեծ եղբայրը` Թուրքիան ընդօրինակող Ազրպէյճանի մէջ կ՛ուզեն Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածին համապատասխան օրէնք որդեգրել: Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆարաճ Կուլիեւ առաջարկած է «ազգը, պետութիւնը, անոր կառոյցները, բանակը քննադատողները, վիրաւորողները, նուաստացնողները» պատասխանատուութեան ենթարկող եւ խիստ պատիժներ նախատեսող օրէնք մը որդեգրել: Ազրպէյճանական «մոտերաթոր» կայքը կը հաղորդէ, որ այս առաջարկը Կուլիեւ կատարած...

Պոլսոյ Մէջ Սկսաւ Իսլամական  Համագործակցութեան  Կազմակերպութեան 13-րդ Վեհաժողովը

Պոլսոյ Մէջ Սկսաւ Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան 13-րդ Վեհաժողովը

Երէկ Պոլսոյ մէջ շուրջ 30 իսլամական պետութիւններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովը, որուն բացման նիստին ընթացքին Թուրքիան ստանձնեց կազմակերպութեան 13-րդ նստաշրջանի նախագահութիւնը: 12-րդ նստաշրջանի նախագահ` Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի բացման նիստին ընթացքին արտասանեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի խօսքը` նշելով, որ Սուրիոյ, Եմէնի եւ Լիպիոյ մէջ զարգացումները արդիւնք են ներքին ու արտաքին մակարդակներու վրայ խնդիրներու` աւելցնելով....

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան 2015-ի Մարդկային Իրաւանց Զեկուցում. Ազրպէյճանի Բանակին Մէջ Տեղի Կ՛ունենան Ֆիզիքական Խոշտանգումներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է 2015-ի մարդկային իրաւանց տարեկան զեկուցումը, զոր Քոնկրեսին ներկայացուցած է արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի: Զեկուցումը տեղադրուած է արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ: Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ 2015-ին Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու շարքին են բանակին մէջ ֆիզիքական խոշտանգումները, լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու գործունէութեան արգիլումն ու սահմանափակումները: Կը նշուի նաեւ, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ...

Քերրի Յայտարարած Է Սուրիոյ Մէջ Յառաջիկայ  Օրերուն Իշխանափոխութեան Շուրջ  Հաւանական Համաձայնութեան Մասին

Քերրի Յայտարարած Է Սուրիոյ Մէջ Յառաջիկայ Օրերուն Իշխանափոխութեան Շուրջ Հաւանական Համաձայնութեան Մասին

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութեան մասին կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել: «Գոյութիւն ունի հաւանականութիւն յառաջիկայ օրերուն համաձայնութիւն ձեռք բերելու իշխանութեան փոփոխութեան մասին` 2012-ի ժընեւեան հաղորդագրութեան համաձայն: Իրանցիները, ռուսերը, թուրքերը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, քաթարցիները, սէուտցիները, եւրոպական երկիրներու մեծամասնութիւնը զայն ստորագրած են», ըսած է ան: Քերրիի խօսքով` ինք ՄԱԿ-ի ընդհանուր...

Սուրիայէն Արձակուած Հրթիռներ  Պայթած Են Թուրքիոյ Մէջ

Սուրիայէն Արձակուած Հրթիռներ Պայթած Են Թուրքիոյ Մէջ

Սուրիայէն արձակուած հրթիռներ ինկած են Թուրքիոյ մէջ. կան վիրաւորներ: Սուրիոյ տարածքէն արձակուած երեք հրթիռներ պայթած են թրքական Քիլիս քաղաքին մէջ, այդ պատճառով ալ վիրաւորուած է 12 մարդ: Ըստ «Անատոլու»-ի, հրթիռներէն մէկը ինկած է տան մը վրայ, վնասուած են տուներ եւ ինքնաշարժներ: Վիրաւորները տեղափոխուած են հիւանդանոց: Քիլիսի քաղաքապետ Սուլէյման Թափսըզ յայտնած է, որ թրքական բանակը կրակ բացած է այն վայրերուն դէմ,...

Ուաշինկթընի Մէջ  Ձերբակալուած Են 400 Ցուցարարներ

Ուաշինկթընի Մէջ Ձերբակալուած Են 400 Ցուցարարներ

Ուաշինկթընի մէջ ոստիկանութեան տուեալներով ձերբակալուած են փտածութեան դէմ բողոքի ցոյցի աւելի քան 400 մասնակիցներ: Քափիթըլ Հիլի մօտ տեղի ունեցած ցոյցին մասնակիցները նաեւ պահանջած են ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարել: Անոնք վանկարկած են. «Մէկ մարդ, մէկ քուէ» եւ «Դրամը տեղ չունի քաղաքականութեան մէջ» կարգախօսները: Ոստիկանութիւնը բազմութիւնը բաժնած է երկու մասի: Անօրինական գործողութիւններու համար ձերբակալուած ցուցարարները ձեռնակապերով տարուած են փոխադրակառքեր: 11 ապրիլի...

Ռուտսքոյ. «Թուրքիան Զէնք  Կը Մատակարարէ Ժապհաթ Նուսրային»

Ռուտսքոյ. «Թուրքիան Զէնք Կը Մատակարարէ Ժապհաթ Նուսրային»

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ռուսական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ սպայակոյտի անդամ Սերկէյ Ռուտսքոյ յայտարարած է, որ Թուրքիան կը շարունակէ զէնք մատակարարել շրջանին մէջ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորումին: «Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն վրայով զէնք կը մատակարարէ Ժապհաթ Նուսրային», ըսած է Ռուտսքոյ: Ան ըսած է, որ հակառակ յայտարարուած զինադուլին, Թուրքիան վերջ չէ դրած Ժապհաթ Նուսրային զէնքի մատակարարումին...

Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Քիւրտ Երեսփոխանները  Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու  Օրինագիծ Կը Ներկայացնէ Խորհրդարան

Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Քիւրտ Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Օրինագիծ Կը Ներկայացնէ Խորհրդարան

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ խորհրդարանի երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու մասին օրինագիծ մը կը ներկայացնէ խորհրդարանի քննարկման: Տաւութօղլու Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է. «Երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու մասին օրինագիծը պատրաստ է, ատիկա արդէն ստորագրուած է: Այսօր կամ վաղը կառավարութիւնը զայն պիտի ներկայացնէ խորհրդարանին»: Թուրքիոյ...

Ռուսիա Եւ Իրան Կը Քննարկեն Կասպից Ծովէն  Մինչեւ Պարսից Ծոց Նաւարկելի  Ջրանցք Կառուցելու Կարելիութիւնը

Ռուսիա Եւ Իրան Կը Քննարկեն Կասպից Ծովէն Մինչեւ Պարսից Ծոց Նաւարկելի Ջրանցք Կառուցելու Կարելիութիւնը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սանայի Ս. Փեթերսպուրկի պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան ու Իրանը կը քննարկեն Կասպից ծովէն մինչեւ Պարսից ծոց երկարող նաւարկելի ջրանցք կառուցելու հարցը: Դեսպանը ջրանցքի կառուցման մասին հարցումին պատասխանած է. «Այո՛, այդ հարցը կը քննարկուի»: Կասպից ծովը երկրագունդի մեծագոյն փակ ջրաւազանն է: Ծովեզերեայ գիծը...

Տարեսկիզբէն Ի Վեր Միջերկրական Ծովուն  Ճամբով Եւրոպա Հասած Են  Շուրջ 174 Հազար Գաղթականներ

Տարեսկիզբէն Ի Վեր Միջերկրական Ծովուն Ճամբով Եւրոպա Հասած Են Շուրջ 174 Հազար Գաղթականներ

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գաղթի միջազգային կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ տարեսկիզբէն Միջերկրական ծովուն ճամբով Եւրոպա հասած են շուրջ 174 հազար գաղթականներ եւ տեղահանուածներ: Եւրոպական երկիրներ հասնելու փորձի ընթացքին զոհուած են 723 մարդիկ: Գաղթի միջազգային կազմակերպութեան տուեալներով` 1 յունուարէն մինչեւ 11 ապրիլ Եւրոպա հասածներուն ընդհանուր թիւը 173.761 է: Յունաստան եկած է 153.156 մարդ, Իտալիա` 19.930, Սպանիա` 648, Կիպրոս` 27...

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ողջունեն  ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Ռուսիոյ Հարուածները

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ողջունեն ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Ռուսիոյ Հարուածները

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր լրագրողներուն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Ռուսիոյ հասցուցած հարուածները ՏԱՀԵՇ խմբաւորման եւ կոչ կ՛ուղղեն յստակացնելու ուժերու հաւասարակշռութեան հետ կապուած կացութիւնը Հալէպի մէջ: «Մենք արդէն ըսած ենք, որ եթէ Ռուսիան կ՛ուզէ հարուածներ հասցնել` աջակցելու ՏԱՀԵՇ-ը տկարացնելու եւ ոչնչացնելու ուղղուած ջանքերուն, ապա մենք ատիկա կ՛ողջունենք», յայտարարած է...

Ուքրանիա Խրիմի Ազրպէյճանական Համայնքի  Ղեկավարը Կ՛ամբաստանէ Թուրքիոյ  Ի Նպաստ Լրտեսութեան Յանցանքով

Ուքրանիա Խրիմի Ազրպէյճանական Համայնքի Ղեկավարը Կ՛ամբաստանէ Թուրքիոյ Ի Նպաստ Լրտեսութեան Յանցանքով

Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնները այն կասկածը ունին, թէ Խրիմի ազրպէյճանական համայնքի ղեկավար Ռահիմ Հումպաթով երկրին ներքին շահերուն ի վնաս Թուրքիոյ շահերը պաշտպանելու համար խրիմցի թաթարներու ղեկավար, Ուքրանիոյ Ռատայի (խորհրդարան, «Ա.») երեսփոխան Մուսթաֆա Ճեմիլեւի հետ կ՛աշխատի: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ուքրանական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ ուքրանական անվտանգութեան ծառայութիւններու համապատասխան գաղտնագրուած փաստաթուղթերը սպրդած են համացանցի վրայ: Այդ փաստաթուղթերուն համաձայն, ուքրանական գաղտնի սպասարկութիւններու աշխատակիցները...

Հարաւային Օսեթիան Կը Ծրագրէ Մինչեւ  Օգոստոս Հանրաքուէ Կատարել  Ռուսիոյ Կազմին Մէջ Մտնելու Շուրջ

Հարաւային Օսեթիան Կը Ծրագրէ Մինչեւ Օգոստոս Հանրաքուէ Կատարել Ռուսիոյ Կազմին Մէջ Մտնելու Շուրջ

Լէոնիտ Թիպիլով Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Լէոնիտ Թիպիլով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հարաւային Օսեթիոյ իշխանութիւնները կը ծրագրեն մինչեւ այս տարուան օգոստոսը հանրաքուէ կատարել Ռուսիոյ դաշնակցութեան կազմին մէջ մտնելու շուրջ, սակայն ստոյգ ժամկէտը առայժմ ճշդուած չէ: «Մենք արդէն կը քննարկենք ժամկէտները: Որոշ յստակ թուական առայժմ չենք կրնար նշել, սակայն այդ մէկը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային,...

Ռոկոզին. «Ռուսիա Պիտի Շարունակէ  Զէնք Մատակարարել Ազրպէյճանին»

Ռոկոզին. «Ռուսիա Պիտի Շարունակէ Զէնք Մատակարարել Ազրպէյճանին»

Տմիթրի Ռոկոզին Ռուսիա, Ազրպէյճանի հետ կնքուած համաձայնագիրներուն համաձայն, պիտի շարունակէ զէնք մատակարարել այդ երկրին` իբրեւ ռազմավարական գործընկեր. 8 ապրիլին այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին` ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան: 2015-ի սկիզբը յայտնի դարձած էր, որ Ռուսիա աւարտելու վրայ է Ազրպէյճանի «Թ-90ս» տիպի հրասայլերու մատակարարումները: Աւելի կանուխ, զէնքերու արտադրութեան ռուսական «Ռոսոպորոնեքսփոր» ընկերութիւնը հաղորդած էր, թէ 2017-ին Ռուսիա պիտի աւարտէ սպառազինութիւններու...

Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Ազրպէյճանի  Արտաքին Գործոց Նախարարները Իրենց Յանձնառութիւնը  Հաստատած Են Տագնապներու  Իրաւական Կարգաւորման Նկատմամբ

Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Իրենց Յանձնառութիւնը Հաստատած Են Տագնապներու Իրաւական Կարգաւորման Նկատմամբ

  «ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով Պաքուի մէջ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ նախարարները հաստատած են իրենց յանձնառութիւնը շրջանային տագնապները միջազգային իրաւունքի արժէչափերու հիման վրայ լուծելու նկատմամբ: «Արտաքին գործոց նախարարները հաստատած են, որ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան ու միջազգային իրաւունքի ընդունուած սկզբունքներուն: Այս ծիրին մէջ անոնք հաստատած են իրենց մտադրութիւնը շրջանային...

Ռուսիա Դարձեալ Ընդգծած Է,  Որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Ձեւաչափին  Փոփոխութեան Դէմ Է

Ռուսիա Դարձեալ Ընդգծած Է, Որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Ձեւաչափին Փոփոխութեան Դէմ Է

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարած է, որ Ռուսիան դէմ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու «եռեակ»-ի ձեւաչափը փոխելուն: «Ռուսիա կը գտնէ, որ այդպիսի փորձերը անարդիւնաւէտ են եւ նպատակ ունին խաթարել համանախագահներու դերն ու արդէն իսկ տագնապի լուծման դժուար հոլովոյթը: «Եռեակ»-ի ձեւաչափը, որուն դերը ամրագրուած է ԵԱՀԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներուն մէջ,...

Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութիւնը  Հաստատած Է Քարիաթէյն Քաղաքին Վրայ

Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութիւնը Հաստատած Է Քարիաթէյն Քաղաքին Վրայ

«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակն ու անոր դաշնակիցները Քարիաթէյն քաղաքը ազատագրած են ՏԱՀԵՇ-էն: Սակրաւորները կ՛ականազերծեն քաղաքի ծայրամասերուն մօտ գտնուող ուղիները: Հոմս, Փալմիր եւ Դամասկոս տանող ճամբաներու քառուղիին վրայ գտնուող այս ռազմավարական բնակավայրին գրաւումը սկսած է երեքշաբթի օր: Քրիստոնեաներով բնակուած Քարիաթէյնը ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուած էր 4 օգոստոս 2015-ին: Բնակիչներու մեծ մասը ապաստանած է Հոմս: ՍԱՆԱ կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը...

«Կը Մերժենք Կանխահաս Ընտրութիւններ  Կատարելու Ասատի Առաջարկը»  Կ՛ըսէ Թրիւտօ

«Կը Մերժենք Կանխահաս Ընտրութիւններ Կատարելու Ասատի Առաջարկը» Կ՛ըսէ Թրիւտօ

Էլիզապեթ Թրիւտօ Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էլիզապեթ Թրիւտօ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն քննարկել կանխահաս նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի առաջարկը: Ան յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ իշխանութեան քաղաքական փոխանցման հոլովոյթին աջակցիլ` նշելով. «Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Սուրիոյ մէջ փոխանցման ձեւի ճշդման համար ընթացք առած հոլովոյթին, որ...

Հակառակ Նախապէս Այդպիսի  Հանդիպումի Մը Կարելիութեան Բացառման.  Էրտողան-Օպամա 50 Վայրկեան  Տեւողութեամբ Հանդիպում

Հակառակ Նախապէս Այդպիսի Հանդիպումի Մը Կարելիութեան Բացառման. Էրտողան-Օպամա 50 Վայրկեան Տեւողութեամբ Հանդիպում

Օպամա եւ Էրտողան «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած երկկողմանի հանդիպումը տեւած է շուրջ 50 վայրկեան: Հանդիպումը տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ Հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ Սպիտակ տան մէջ պաշտօնական ճաշէն ետք: Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Օպամա...

Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի  Նախագահները ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ  «Ռազմավարական Որոշումներ» Քննարկած Են

Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Նախագահները ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ «Ռազմավարական Որոշումներ» Քննարկած Են

Հոլլանտ եւ Օպամա ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ 31 մարտին Ուաշինկթընի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին քննարկած են ռազմավարական որոշումներ, որոնց մշակումը կը պահանջէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը: Հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան միջազգային վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը հաւաստած է, որ ինք Ֆրանսայի...

Page 792 of 882 1 … 791 792 793 … 882

Արխիւներ