Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուպա Եւ Իրան Ստորագրած Են Իրենց Յարաբերութեան Պատմութեան Մէջ Փոխըմբռնումի Առաջին Յուշագիրը

August 24, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Zarif-Rodriguez_82316

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Փրենսա Լաթինա» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Քուպան եւ Իրանը Հաւանայի մէջ ստորագրած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ առաջին փոխըմբռնումի յուշագիրը, որ պիտի խթանէ երկու երկիրներու առեւտրական յարաբերութիւններուն զարգացումը:

Համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի Քուպա այցելութեան ընթացքին: Քուպա միօրեայ այցելութիւնը մաս կը կազմէ իրանեան դիւանագիտութեան ղեկավարի լատինամերիկեան շրջապտոյտին: Զարիֆի կ՛ընկերակցի 60 գործարարներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:

Յուշագիրը ստորագրուած է երկու երկիրներու առաջին տնտեսական խորհրդաժողովի աւարտին: Խորհրդաժողովին նախագահած են Զարիֆն ու Քուպայի արտաքին առեւտուրի եւ օտարերկրեայ ներդրումներու նախարար Ռոտրիկօ Մալմիերքին: Կողմերը արձանագրած են երկկողմանի յարաբերութիւններու «լաւ մակարդակը» այն պահուն, երբ Քուպա կը կատարէ տնտեսական բարեփոխումներ եւ կը ձգտի ներգրաւել օտարերկրեայ ներդրումներ: Գործարարներու խորհրդաժողովին մասնակցած են ներկայացուցիչները այնպիսի մարզերու, ինչպիսիք են արդիւնաբերութիւնը, լեռնահանքային արտադրութիւնը, դեղագործութիւնը եւ ուժանիւթը, բժշկութիւնը, սննդարդիւնաբերութիւնը եւ առեւտուրը:

«Մենք կ՛ուզենք համագործակցութիւն զարգացնել տարբեր մարզերու մէջ, յատկապէս ճարտարագիտութիւններու եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ», ըսած է Զարիֆ:

Գործարարներու հանդիպումին ընթացքին Զարիֆ յայտնած է, որ Իրան շահագրգռուած է կապերը ընդլայնելու նաեւ Լատին Ամերիկայի հետ, եւ այս ծիրին մէջ բացի Քուպայէն պիտի այցելէ նաեւ Նիքարակուա, Էքուատոր, Չիլի, Վենեզուելա եւ Պոլիվիա:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Էն.Պի.Սի. Նիուզ»-ի. Հարցախոյզին Քլինթըն Կը Շարունակէ Ութ Տոկոսային Կէտով Գերազանցել Թրամփը

Յաջորդը

Էրտողան Մտադիր Է Ռուսիոյ Վար Առնուած Սու-24»-Ին Համար Փոխհատուցո՞ւմ Կատարել

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.