Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մահմուտ Մամետկուլիեւ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ազրպէյճանը եւ Եւրոպական Միութիւնը կը վերսկսին բանակցութիւնները համագործակցութեան գոյութիւն ունեցող գործիքակազմի ծիրին մէջ:
«Սեպտեմբերին իրենց աշխատանքը կը սկսին ենթայանձնախումբերը: Աշնան ընթացքին նախատեսուած է առեւտուրի, ուժանիւթի եւ փոխադրութեան, կենսոլորտի, անվտանգութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով, կրթութեան եւ այլ ընկերային հարցերու մարզերուն մէջ գործող չորս ենթայանձնախումբի նիստերու գումարումը», ըսած է ան:
Ըստ Մամետկուլիեւի, այդ խորհրդակցութիւնները պիտի կատարուին անկախ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կողմէ ռազմավարական գործընկերութեան մասին նոր համաձայնագիրի վերաբերեալ բանակցութիւններու սկիզբին համար լիազօրութեան տրամադրման ժամկէտներէն:
«Կը սպասուի, որ լիազօրութիւնը Ազրպէյճանին տրամադրուի հոկտեմբերի մօտ, սակայն անոնք տակաւին նախնական ժամկէտներ են: Ատկէ անկախ` մենք կը վերսկսինք Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան գոյութիւն ունեցող գործիքակազմի ծիրին մէջ աշխատանքը», ըսած է նախարարի տեղակալը: