ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ֆրանսայի օդուժին օդանաւերը 21 օգոստոսին հարուածած են Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:
«Ֆրանսական օդուժի յարձակումին հետեւանքով հարուած հասցուած է Ռաքքայի մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի ծանր սպառազինութեան պահեստին եւ սպասարկման կեդրոնին», ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշած է, որ ֆրանսական օդուժի այս մարտական գործողութեան մասնակցած են չորս «Ռաֆալ» կործանիչ, «Միրաժ 2000» տիպի չորս օդանաւ եւ Ֆրանսայի ծովուժի «Աթլանթիք 2» պարեկային օդանաւը, որ կրնայ կրել լազերային ուղղորդութեամբ ռումբեր: «ՍՔԱԼՓ տասնեակ թեւաւոր հրթիռներ հարուածած եւ ոչնչացուցած են տարածքին ճիշդ կեդրոնը գտնուող հանգոյցը, որ կը վերահսկուի ահաբեկչական խմբաւորումին կողմէ», նշած է նախարարութեան մէջ:
Ռաքքայի` Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գլխաւոր միջնաբերդին, ֆրանսական օդուժի հարուածը հասցուած է «յաջակցութիւն Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մօտ իրաքեան եւ քրտական ուժերու ցամաքային գործողութիւններուն` Միջազգային դաշինքի ծիրին մէջ ֆրանսական օդանաւերու մէկ շաբաթ տեւած աշխուժ հարուածներէն ետք»: «Այդ հարուածները ոչնչացուցած են բազմաթիւ զինապահեստներ, պայթուցիկ նիւթերու պատրաստման վայրեր եւ ծանր սպառազինութիւն: Անոնք աւանդ դարձած են Իրաքի մէջ Մուսուլի եւ Սուրիոյ մէջ Ռաքքայի վերատիրացման համար ճակատամարտերուն նախապատրաստման աշխատանքին մէջ», կ՛աւելցնէ նախարարութիւնը: