Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացիներուն Շուրջ 60 Առ Հարիւրը Չ՛ուզեր Ընտրութիւն Կատարել Թրամփի Եւ Քլինթընի Միջեւ

August 23, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

trump-clinton_82216

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի եւ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի կատարած հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց կու տան, որ ամերիկացիներուն կէսէն աւելին` 57 առ հարիւրը դժգոհ է Տոնալտ Թրամփը կամ Հիլըրի Քլինթընը նախագահ ընտրելու անհրաժեշտութենէն:

Հարցախոյզին մասնակիցներէն 35 առ հարիւրը նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն Քլինթընի եւ Թրամփի փոխարէն պիտի նախընտրէր քուէարկել այլընտրանքային թեկնածուի մը ի նպաստ: Իբրեւ նախագահի լրացուցիչ թեկնածուի, որուն ի նպաստ ամերիկացիները պիտի տային իրենց ձայները, անոնք միւսներէն աւելի յաճախ կը նշեն նախապէս նախընտրական մրցապայքարէն դուրս մնացած դեմոկրատական Պըռնի Սենտըրզը եւ հանրապետական Թետ Քրուզը:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն 59 առ հարիւրը մտահոգութիւն յայտնած է, որ նախագահական աթոռի յաւելեալ թեկնածուն կրնայ առաջնորդել յաղթանակին այն թեկնածուին, որ զիրենք չի բաւարարեր:

Ինչպէս կը նշէ պատկերասփիւռի կայանը, Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին կը յաւակնին նաեւ երկու անկախ թեկնածուներ` Կերի Ճոնսընը եւ ճիլ Շթայնը: Վերջին հարցախոյզի տուեալներուն համաձայն, Ճոնսընի ի նպաստ պատրաստ է քուէարկելու հարցախոյզի մասնակիցներուն մօտաւորապէս 8 առ հարիւրը, իսկ Շթայնի` 4 առ հարիւրը:

Միւս կողմէ, «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Թրամփի ընտրական խմբակը յուլիսին կրկնակիօրէն աւելցուցած է նախընտրական արշաւի ծախսերը: Սակայն ատիկա տակաւին էապէս նուազ է Քլինթընի ծախսածէն:

Անցեալ ամիս Թրամփի ընտրական խումբը ծախսած է 18,5 միլիոն տոլար, իսկ Քլինթընի ընտրական խումբը` 38 միլիոն տոլար:

Կը նշուի, որ Թրամփ աւելի քան 420 հազար տոլար ծախսած է ընկերութեան տնակներու պատրաստման համար:

Պաշտօնական տուեալներով` Թրամփի նախընտրական արշաւը եղած է վերջին տարիներուն ընթացքին ամէնէն խնայողականը: Արշաւի վերջին երկու ամսուան ընթացքին միւսներէն աւելի շատ ծախսած է Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպաման` 2012-ին: Միայն վերջին շաբթուան ընթացքին 5 միլիոն տոլար ծախսուած է պատկերասփիւռի կայաններու ծանուցումներուն վրայ:

Քլինթընի ընտրական խմբակը սկսած է պատկերասփիւռի կայաններու վրայ ծանուցում օգտագործել երկու ամիս առաջ եւ ատոր վրայ արդէն աւելի քան 60 միլիոն տոլար ծախսած է: Քլինթընի ընտրական խմբակին մէջ կայ 700 մարդ, ինչ որ գրեթէ տասնապատիկը աւելի է, քան Թրամփի պաշտօնական ցուցակին վրայ եղողները:

 

 

Նախորդը

«Փութին Պատրաստ Է Ապպաս-Նեթանիահու Բանակցութիւններ Հիւրընկալելու» Կ՛ըսէ Սիսի

Յաջորդը

Իսրայէլի Հիւպատոսարանին Առջեւ Բողոքի Ցոյցի Ընթացքին Ձերբակալութիւններ

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.