Միջազգային

Քիմ Չեն Ընի Հրամանով` Երկու  Նախարար Մահապատիժի Ենթարկուած Է

Քիմ Չեն Ընի Հրամանով` Երկու Նախարար Մահապատիժի Ենթարկուած Է

«Կազեթա.ռու»` հարաւքորէական «ԵունկԱնկ Իլպօ» օրաթերթին յղում կատարելով, կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ընի հրամանով` երկու նախարարներ հրապարակաւ գնդակահարուած են: Խօսքը գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Խուան Մինէի եւ կրթութեան նախարարութեան աշխատակից Ռի Են Չժինի մասին է: Առաջինը մահապատիժի ենթարկուած է քաղաքական նախաձեռնութիւններու համար, որոնք հաճելի չեն եկած Քիմ Չեն Ընին, իսկ երկրորդը այն բանին համար, որ քնացած է երկրի...

Գերմանիոյ Մէջ Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններուն Մերքելի  Կուսակցութիւնը Գրաւած Է Երրորդ Դիրքը

Գերմանիոյ Մէջ Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Մերքելի Կուսակցութիւնը Գրաւած Է Երրորդ Դիրքը

Գերմանիոյ մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն ընթացքին «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութիւնը յառաջ անցած է Անկելա Մերքելի ղեկավարած կուսակցութենէն: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ արեւելեան Գերմանիոյ Մելքենպուրկ-Արեւմտեան Փոմերանիա դաշնակցային հողին վրայ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընթացքին Գերմանիոյ վարչապետին ղեկավարած Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը գրաւած է երրորդ դիրքը: Երեք տարի առաջ ստեղծուած «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 21 առ հարիւրը եւ...

«Մարդու Իրաւունքներու Յարգումը Թուրքիոյ Մէջ  Ժողովրդավարութեան Վճռորոշ Քննութիւնն Է»  Ըսաւ Եւրոպական Խորհրդարանը

«Մարդու Իրաւունքներու Յարգումը Թուրքիոյ Մէջ Ժողովրդավարութեան Վճռորոշ Քննութիւնն Է» Ըսաւ Եւրոպական Խորհրդարանը

Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք մարդու իրաւունքներու յարգումը կը նկատուի այդ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան վճռորոշ քննութիւն մը: Թուրքիոյ կացութեան քննարկման խորհրդարանական յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ յանձնախումբի շարք մը անդամներ համաձայն են, որ Եւրոպական Միութիւնը յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք մօտէն հետեւի Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց եւ օրէնքի գերիշխանութեան կացութիւններուն: Յանձնախումբի կարգ...

Ըստ «Թայմզ Աֆ Իսրայէլ»-ի.  Մոսատը Մտահոգ Է Ալճերիական  Բանակի Սպառազինութեան Աճէն

Ըստ «Թայմզ Աֆ Իսրայէլ»-ի. Մոսատը Մտահոգ Է Ալճերիական Բանակի Սպառազինութեան Աճէն

Իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իսրայէլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւնը` Մոսատը մտահոգ է Ալճերիոյ բանակի սպառազինութեան աճէն: Օրաթերթը կը նշէ, որ Ալճերիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը անցեալ տարի սպառազինութեան ապահովման համար յատկացուցած է 13 միլիառ տոլար, որուն մեծ մասը` պատերազմական օդանաւեր գնելու: «Թայմզ աֆ Իսրայէլ» կը գրէ, որ ալճերիական բանակը իր ունեցած ուժին ու սպառազինութեան շնորհիւ կը գրաւէ առաւելագոյն զէնք ներածող երկիրներու...

Սուրիոյ Բանակը Կը Վերատիրանայ  Անցեալ Ամիս Հալէպի Մէջ  Իր Կորսնցուցած Շրջաններուն

Սուրիոյ Բանակը Կը Վերատիրանայ Անցեալ Ամիս Հալէպի Մէջ Իր Կորսնցուցած Շրջաններուն

«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը վերատիրացած է Հալէպ քաղաքի այն բաժիններուն, որոնք անցեալ ամիս գրաւուած էին զինեալ ընդդիմութեան կողմէ: Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յարձակում գործելով վերատիրացած է քաղաքի հարաւը գտնուող երկու զինուորական ակադեմիաներուն, որոնք անցեալ ամիս գրաւուած էին զինեալ ընդդիմութեան կողմէ: Մարդկային իրաւանց սուրիական կեդրոնը հաստատեց, որ Սուրիոյ բանակը վերատիրացած է երկու ակադեմիաներուն` աւելցնելով, որ բանակը...

Այսօր Փութին-Օպամա Հանդիպում

Այսօր Փութին-Օպամա Հանդիպում

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա համաձայնած են այսօր Չինաստանի Հանկշու քաղաքին մէջ ունենալ դէմ առ դէմ հանդիպում մը, որ տակաւին չէ ճշդուած, թէ լիարժէ՞ք պիտի ըլլայ, թէ՞ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ: Օպամա յայտարարեց, որ Ռուսիոյ հետ ընթացող բանակցութիւնները դժուար են եւ տարակարծութիւնները կը յամենան: Ան ըսաւ, որ...

Մայր Թերեզան Դասուեցաւ Կաթողիկէ  Եկեղեցւոյ Սուրբերու Շարքին

Մայր Թերեզան Դասուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբերու Շարքին

Հանրածանօթ կաթողիկէ մայրապետ, «Սիրոյ քոյր քարոզիչներ» մայրապետներու միաբանութեան հիմնադիր մայր Թերեզա Կալկաթացին դասուեցաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին: Սրբադասման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ, Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցուած պատարագին ընթացքին: Ֆրանչիսկոս պապին գլխաւորութեամբ պատարագին ներկայ էին աշխարհի տարբեր երկիրներէ աւելի քան 100 հազար հաւատացեալներ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ իտալական լրատուամիջոցները մայր Թերեզայի սրբադասումը կը նկատեն Ֆրանչիսկոս պապի յայտարարած արտահերթ...

Օպամայի Հետ Հանդիպումէն Ետք.  Էրտողան Կը Վերահաստատէ Միացեալ  Նահանգներու Հետ «Շարունակուող  Ռազմավարական Գործընկերութիւն»-ը

Օպամայի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Էրտողան Կը Վերահաստատէ Միացեալ Նահանգներու Հետ «Շարունակուող Ռազմավարական Գործընկերութիւն»-ը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Չինաստանի Հանկշու քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ իրենց դռնփակ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին առաւելաբար կեդրոնացան Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսին տեղի ունեցած յեղաշրջումի ձախող փորձին վրայ: Օպամա իր թուրք պաշտօնակիցին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Անգարայի հետ պիտի աշխատի յեղաշրջումին պատասխանատուները դատական պատասխանատուութեան ենթարկելու գծով օժանդակելու...

Գերմանիա Հաստատակամ Է Ինճիրլիք  Երեսփոխաններու  Խումբ Ուղարկելու Հարցին Մէջ

Գերմանիա Հաստատակամ Է Ինճիրլիք Երեսփոխաններու Խումբ Ուղարկելու Հարցին Մէջ

«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան պաշտպանութեան քաղաքականութեան հարցերով բանբեր Ռայներ Առնոլտ յայտարարած է, որ գերմանացի երեսփոխաններու` Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելելու ծրագիրներուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ արձանագրուած: «Կը ծրագրենք 4 հոկտեմբերին այցելել Թուրքիա», յայտնած է ան: Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ ներկայիս կը գտնուին աւելի քան 200 գերմանացի զինուորներ եւ «Թոռնէյտօ» տիպի վեց հետախուզական օդանաւեր: Գերմանիան ռազմակայանը կ՛օգտագործէ Սուրիոյ մէջ...

«Թրքական Հոսք»-ի Հարցով  «Կազփրոմ»-Թուրքիա Համաձայնութիւն

«Թրքական Հոսք»-ի Հարցով «Կազփրոմ»-Թուրքիա Համաձայնութիւն

«ՌԻԱ Նովոսթի»` մէջբերելով «Կազփրոմ»-ի մամլոյ հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարին հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի կառուցման հարցով արտօնութիւն տալու ընթացակարգը: «Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է սեղմ ժամկէտներու մէջ աւարտին հասցնելու «Թրքական հոսք» նախագիծի գործադրութեան համար բոլոր անհրաժեշտ արտօնութիւններու տրամադրման ընթացակարգը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: Պիտի շարունակուին նաեւ բանակցութիւնները...

«Կը Յուսանք Ռուսիոյ Հետ Զինուորական  Գործակցութեան Մանրամասնութիւնները  Յայտարարել Օգոստոսի Սկիզբը»  Կ’ըսէ Քերրի

Ո՞վ Սպաննեց Ատնանին` Մոսկուա՞ն, Թէ՞ Ուաշինկթընը

Փիթըր Քուք Փենթակոնի բանբեր Փիթըր Քուք յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի բանբեր Ապու Մուհամետ Ատնանին Սուրիոյ մէջ թիրախ դարձուցած օդային հարուածի գնահատումը ընթացքի մէջ է: Ան յայտնեց, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի օդուժը թիրախ դարձուցած է Ատնանին Հալէպի նահանգի Պապ քաղաքին մօտ: Ան ըսաւ, որ Ատնանիի վնասազերծումը մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ ՏԱՀԵՇ-ի համար: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի...

Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Միջկառավարական  Յանձնախումբի Նիստը  Տեղի Պիտի Ունենայ Հոկտեմբերին

Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Միջկառավարական Յանձնախումբի Նիստը Տեղի Պիտի Ունենայ Հոկտեմբերին

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջկառավարական յանձնախումբի նիստը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին, Պոլսոյ մէջ: «Ատիկա պիտի ըլլայ Պոլսոյ մէջ` ուժանիւթի համաշխարհային համախմբումին ծիրին մէջ», աւելցուցած է Նովաք:

Էրտողան. «Ժարապլոսն Ու Մօտակայ  Շրջանները Ամբողջովին Մաքրուեցան»

Էրտողան. «Ժարապլոսն Ու Մօտակայ Շրջանները Ամբողջովին Մաքրուեցան»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Սուրիական Ժարապլոս քաղաքն ու մօտակայ շրջանները ամբողջովին մաքրուեցան ահաբեկչական տարրերէն»: «Ժարապլոս քաղաք մնալու որեւէ նպատակ չունինք: Մենք բնակչութեան քաղաք վերադարձին կը զօրակցինք», աւելցուց ան: Քսաններու խմբակի ժողովի մասնակցութեան համար Չինաստան մեկնելէ առաջ Էրտողան ըսաւ, որ Արեւմուտքը այսօր պէտք է ահաբեկչութեան դէմ կամ անոր կողքին կանգնելու միջեւ ընտրանք կատարէ: «Ան, որուն կարծիքով ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման...

«Յեղաշրջումի Փորձին Գիշերը Կը Լռէին  Նոյնիսկ Այն Երկիրները,  Զորս Մեզի Բարեկամ Կը Նկատէինք»  Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Յեղաշրջումի Փորձին Գիշերը Կը Լռէին Նոյնիսկ Այն Երկիրները, Զորս Մեզի Բարեկամ Կը Նկատէինք» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարած է, որ զինուորական յեղաշրջման փորձին գիշերը իրենց համար անակնկալ կերպով բազմաթիւ բարեկամ երկիրներ իրենցմէ երես դարձուցած են: «Մեր մօտ խօսք մը կայ` «բարեկամը վատ օրերուն ի յայտ կու գայ»: Դժբախտաբար, յեղաշրջման փորձի գիշերը կը լռէին նոյնիսկ այն երկիրները, որոնց մեզի բարեկամ կը նկատէինք: Մեզի աջակցող բարեկամներ եղան, սակայն բազմաթիւ...

Ապահովութեան Խորհուրդը 21 Սեպտեմբերին  Պիտի Գումարէ Սուրիոյ Լուծման Համար Նիստ Մը

Ապահովութեան Խորհուրդը 21 Սեպտեմբերին Պիտի Գումարէ Սուրիոյ Լուծման Համար Նիստ Մը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Ժերար Վան Պոհման յայտարարեց, որ խորհուրդը Սուրիոյ տագնապին լուծում գտնելու համար 21 սեպտեմբերին պիտի գումարէ Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճոն Քիի նախագահութեամբ նիստ մը: Ան նշեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ Սուրիոյ հարցով անոր յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա նիստին ընթացքին Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն պիտի ներկայացնեն տագնապին լուծման վերաբերեալ իրենց ջանքերն ու պատկերացումը: Պոհմեն...

Ռուսեֆի Պաշտօնազրկման Քննադատութեան Համար  Պրազիլը Երեք Երկիրներէ  Տուն Կանչած Է Իր Դեսպանները

Ռուսեֆի Պաշտօնազրկման Քննադատութեան Համար Պրազիլը Երեք Երկիրներէ Տուն Կանչած Է Իր Դեսպանները

Պրազիլի ծերակոյտը քուէարկեց Տիլմա Ռուսեֆը նախագահի պաշտօնէն հեռացնելու օգտին: Ռուսեֆ կը մեղադրուի երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող ելեւմտական խնդիրներու ծաւալները թաքցնելու մէջ: Ան թաքցուցած է պիւտճէի բացը` 2014-ին նախագահութեան նոր նստաշրջան ապահովելու համար: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պրազիլ տուն կանչած է իր դեսպանները Վենեզուելայէն, Պոլիվիայէն եւ Էքուատորէն, որովհետեւ այդ երկիրներու իշխանութիւնները քննադատած են Ռուսեֆի պաշտօնազրկման որոշումը: Որոշումը տուած է Պրազիլի...

Իրան Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ  Դադրեցնելու Սուրիոյ Մէջ  Զինուորական Գործողութիւնը

Իրան Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութիւնը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի յայտարարած է, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգ է Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութենէն` նշելով, որ անհրաժեշտ է հետեւիլ Սուրիոյ գերիշխանութեան պահպանման: «Շրջանի խաղաղ ժողովուրդներու ահաբեկչութեան դէմ պայքար մղելու եւ շրջանային խաղաղութեան համար քայլերու ձեռնարկելու ձգտումը չի կրնար հիմք հանդիսանալ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան խախտման եւ առանց սուրիական...

Մոսկուա Անգարային Կոչ Ուղղեց`  Քիւրտերը Չհարուածելու.  Եըլտըրըմ. «Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան  Ջոկատները Պէտք Է Վերադառնան Եփրատի Արեւելեան Ափ»

Մոսկուա Անգարային Կոչ Ուղղեց` Քիւրտերը Չհարուածելու. Եըլտըրըմ. «Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատները Պէտք Է Վերադառնան Եփրատի Արեւելեան Ափ»

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ յայտարարեց, որ «Եփրատի վահան» գործողութեան ճամբով Թուրքիոյ հետապնդած նպատակը իր սահմաններուն անվտանգութեան ապահովումն է եւ իր քաղաքացիները բոլոր յարձակումներէն պաշտպանելը: «Այսուհետեւ մեր հողերուն կամ սահմաններուն դէմ որեւէ ոտնձգութիւն կամ յարձակում պիտի չընդունինք», ըսաւ ան: Եըլտըրըմ նշեց. «Եփրատի վահան» գործողութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ մեր սահմանները եւ մերձակայ բոլոր շրջանները ամբողջովին ձերբազատին ահաբեկչական տարրերէն»: «Ժողովրդավարական միութիւն...

Ազրպէյճան Կ՛ուժեղացնէ Գրաւուած  Տարածքներու Պաշտպանութիւնը

Ազրպէյճան Կ՛ուժեղացնէ Գրաւուած Տարածքներու Պաշտպանութիւնը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հրամայած է ուժեղացնել պաշտպանութիւնը այն տարածքներուն, զորս ազրպէյճանցի զինուորները գրաւած էին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին: Հասանով այդ մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին: Հրամայուած է ապահովել զօրամասերը զինամթերքով եւ պաշտպանական սպառազինութեամբ, բարձրացնել զինուորներուն մարտունակութիւնը:  

ՏԱՀԵՇ-ի Բանբերը Սպաննուած Է Հալէպի Մէջ

ՏԱՀԵՇ-ի Բանբերը Սպաննուած Է Հալէպի Մէջ

Երէկ երեկոյեան ՏԱՀԵՇ-ի «Աամաք» կայքը հաղորդեց, թէ Հալէպի մէջ սպաննուած է կազմակերպութեան բանբեր Ապու Մոհամետ Ատնանին, որ «Հալէպի գործողութիւններուն ընթացքը կը ստուգէր»: Լրատու գործակալութիւնները յայտնեցին, որ սպաննուած ահաբեկիչը Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ամէնէն կարեւոր դէմքերէն մէկը կարելի է նկատել:

Page 762 of 882 1 … 761 762 763 … 882

Արխիւներ