Միջազգային

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ծնունդ Առաւ  Սուրիական Ազգային Դիմադրութիւն`  Ընդդէմ Թրքական Բռնագրաւումին

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ծնունդ Առաւ Սուրիական Ազգային Դիմադրութիւն` Ընդդէմ Թրքական Բռնագրաւումին

Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թել Ռիֆաթ քաղաքը թատերաբեմը դարձած է նոր կացութեան մը, որ թրքական բանակը դրած է մաշեցումի պատերազմի մը դէմ յանդիման: Երեքշաբթի օր Սուրիական ազգային դիմադրութեան ծնունդը յայտարարուած է` մեծ կարգախօսներով, որոնք կը շրջանցեն ներկայ պատերազմի շրջագիծը` հասնելով մինչեւ Ալեքսանտրեթի նահանգ: Նշեալ դիմադրութեան ստեղծման հռչակագիրը կը յիշեցնէ «շրջանի ժողովուրդներուն կրած տառապանքները...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Քննադատած Է Հոլանտայի Վարչապետը Թրքական Համայնքին Ուղղուած Խօսքերուն Համար

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ արձագանգած է Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռիւտէի յայտարարութեան, որուն մէջ ան քննադատած էր Հոլանտայի թրքական համայնքը: «Հոլանտայի թրքական համայնքը կ՛օգտագործէ ազատ արտայայտուելու իր իրաւունքը: Դուք չէք կրնար ճնշել անոնց կարծիքն ու դուրս մղել զանոնք հասարակութենէն: Ձեր քայլերը կը խոչընդոտեն հասարակութեան մէջ անոնց համարկումը, այս ամէնը անընդունելի է այն...

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Թուրքիոյ Դէմ  Ստորագրահաւաք Սկսած Է

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Թուրքիոյ Դէմ Ստորագրահաւաք Սկսած Է

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ ստորագրահաւաք սկսած է Թուրքիան հսկողութեան տակ գտնուող երկրի կարգավիճակին վերադարձնելու հարցով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է ԵԽԽՎ-ի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ Սամուէլ Ֆարմանեան: «ԵԽԽՎ-ի Մարդու իրաւունքներու եւ իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նիստին ընթացքին` Փարիզի մէջ, ստորագրահաւաք տեղի կ՛ունենայ... Թուրքիան պէտք է վերադարձնել իր նախկին կարգավիճակին` իբրեւ հսկողութեան...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Յայտարարէ, Որ Թուրքիա Այսօր Լոնտոնի Մէջ  Պիտի Մասնակցի Սուրիոյ Շուրջ Ժողովի Մը

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ, Որ Թուրքիա Այսօր Լոնտոնի Մէջ Պիտի Մասնակցի Սուրիոյ Շուրջ Ժողովի Մը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու այսօր Լոնտոնի մէջ պիտի մասնակցի Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ժոնսընի նախագահութեամբ ժողովին: Նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Սուրիական յեղափոխութեան եւ ընդդիմադիր ուժերու համակարգումի բարձրագոյն խորհուրդի գործավար Ռիատ Հիժապ ժողովի մասնակիցներուն պիտի ներկայացնէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման վերաբերեալ իր պատկերացումը»: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ ժողովին պիտի...

Էրտողան Չինաստանէն Հեռանալէ Առաջ Դարձեալ  Հանդիպում Ունեցած Է Օպամայի Եւ Փութինի Հետ

Էրտողան Չինաստանէն Հեռանալէ Առաջ Դարձեալ Հանդիպում Ունեցած Է Օպամայի Եւ Փութինի Հետ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Չինաստանէն Թուրքիա վերադառնալէ առաջ երկրորդ անգամ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ըստ Քալընի, հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած Է Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: Էրտողան յորդորած է Հալէպի մէջ անյապաղ կեանքի կոչել զինադուլի դրութիւնը: Նախապէս Էրտողան...

Թուրքիոյ Մարմնակրթութեան Նախարարին Հետ  «Տէօչէ Վելլէ»-ի Հարցազրոյցը  Գրաւուեցաւ Նախարարութեան Կողմէ

Թուրքիոյ Մարմնակրթութեան Նախարարին Հետ «Տէօչէ Վելլէ»-ի Հարցազրոյցը Գրաւուեցաւ Նախարարութեան Կողմէ

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնատարներ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանի մէկ յայտագիրին հետ Թուրքիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճի կատարած հարցազրոյցէն անմիջապէս ետք գրաւած են հարցազրոյցին արձանագրութիւնը: «Տէօչէ Վելլէ»-ի «Քոնֆլիքթ Զոն» յայտագիրը ներկայացնող Միխել Ֆրիտմանի հետ 5 սեպտեմբերին նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Քըլըճ պատասխանած է 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ...

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-Ի Հարցախոյզին Թրամփ 2 Տոկոսային Կէտով  Կը Գերազանցէ Քլինթընը

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-Ի Հարցախոյզին Թրամփ 2 Տոկոսային Կէտով Կը Գերազանցէ Քլինթընը

«Սի.Էն.Էն.»-ի եւ «Օ.Առ.Սի. Ինթըրնեշընըլ»-ի կատարած հարցախոյզին արդիւնքներուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ երկու տոկոսային կէտով յառաջ անցած է Դեմոկրատական կուսակցութեան իր մրցակից Հիլըրի Քլինթընէն: Արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Թրամփին ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ է հարցախոյզին մասնակիցներուն 45 առ հարիւրը, իսկ Քլինթընի` 43 առ հարիւրը:

Եւրոպական Խորհրդարանի Յանձնախումբը  Որդեգրած Է Վրաստանի Քաղաքացիներու Մուտքի  Արտօնագիրներու Դրութեան Ջնջման Որոշումը

Եւրոպական Խորհրդարանի Յանձնախումբը Որդեգրած Է Վրաստանի Քաղաքացիներու Մուտքի Արտօնագիրներու Դրութեան Ջնջման Որոշումը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի քաղաքացիական ազատութիւններու, արդարութեան եւ ներքին հարցերով յանձնախումբը որդեգրած է Եւրոպական Միութեան եւ Վրաստանի միջեւ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան սահմանման որոշումը: Վրաստանի քաղաքացիներու` Եւրոպական Միութեան տարածք կարճատեւ ուղեւորութիւններ կատարելու համար ազատ մուտքի արտօնագիրի դրութեան սահմանումը այժմ պէտք է վաւերացնէ Եւրոպական խորհրդարանը: Դեկտեմբեր 2015-ին Եւրոպական յանձնաժողովը տեղեկացուցած էր, որ Ուքրանիա եւ Վրաստան կատարած են Եւրոպական...

ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը  Պիտի Այցելէ Թուրքիա

ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Պիտի Այցելէ Թուրքիա

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ 8 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Թուրքիա: Սթոլթենպերկ Անգարայի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ: 15 յուլիսի զինուորական յեղաշրջումի փորձէն ետք, ասիկա ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ Թուրքիա: Կը նախատեսուի, որ ան Թուրքիա մնայ մինչեւ 9 սեպտեմբեր:

Ըստ Գիտնականներու.  Ովկիանոսներու Տաքացումը Կը Սպառնայ  Արեւադարձային Հիւանդութիւններ Տարածել

Ըստ Գիտնականներու. Ովկիանոսներու Տաքացումը Կը Սպառնայ Արեւադարձային Հիւանդութիւններ Տարածել

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ովկիանոսներու տաքնալուն պատճառով կը տարածուին այնպիսի հիւանդութիւններ, որոնք կրնան սպառնալիք ներկայացնել անասուններու եւ մարդոց համար: 12 երկիրներէ 80 գիտնականներ այս եզրակացութեան եկած են ուսումնասիրութեան մը մէջ, որ կատարուած է Բնութեան պահպանութեան եւ բնական պաշարներու միջազգային միութեան ծիրին մէջ: Գիտնականներու եզրակացութեան համաձայն, ովկիանոսները 1970-ական թուականներէն ի վեր կլանած են մոլորակի ջերմաստիճանի ընդհանուր աճին 93 առ հարիւրը: Ովկիանոսները...

Միացեալ Նահանգներ Կը Քննարկեն  Ռուսիոյ Դէմ Ճնշումը Ուժեղացնելու  Կարելիութիւնը

Ըռնեսթ. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Բանակցութիւնները»

Ճոշ Ըռնեսթ Ֆրանսա Պահանջած Է Դադրեցնել Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպական Միութիւն Ազատ Առեւտուրի Բանակցութիւնները «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Գերմանիայէն ետք Ֆրանսան եւս արտայայտուած է Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ազատ առեւտուրի շուրջ բանակցութիւնները դադրեցնելու օգտին: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կից արտաքին առեւտուրի պետական քարտուղար Մաթիաս Ֆեքըլ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Ֆրանսա կը պահանջէ դադրեցնել բանակցութիւնները Ազատ առեւտուրի անդրատլանտեան գօտիի (ԹԱՖԹԱ) եւ Անդրատլանտեան առեւտուրի...

Պրազիլեան Արդարադատութիւնը Պրազիլական  Ընկերութիւն Մը Կ՛ամբաստանէ Հուսիներուն  Զէնք Մատակարարելու Յանցանքով

Պրազիլեան Արդարադատութիւնը Պրազիլական Ընկերութիւն Մը Կ՛ամբաստանէ Հուսիներուն Զէնք Մատակարարելու Յանցանքով

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պրազիլական արդարադատութեան հրապարակած մէկ փաստաթուղթին համաձայն, եմէնցի զէնքի վաճառական մը, որ հուսիներուն մօտիկ է, զէնք գնած է պրազիլական «Ֆորխաս Թորուս» ընկերութենէն, որ Հարաւային Ամերիկայի զէնքի արտադրութեան մեծագոյն ընկերութիւնը կը նկատուի: Փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Պրազիլի մէջ դաշնակցային դատախազութեան ներկայացուցիչները մարտ 2016-ին ընկերութեան գործադիր երկու տնօրէններ ամբաստանած են 2013-ին Ֆարես Մոհամետ Հասան Մաննահին 8000...

Չինաստանի Մէջ.  Նախատեսուածէն Աւելի Երկար Եւ «Շինիչ»  Հանդիպում` Օպամայի Եւ Փութինի Միջեւ

Չինաստանի Մէջ. Նախատեսուածէն Աւելի Երկար Եւ «Շինիչ» Հանդիպում` Օպամայի Եւ Փութինի Միջեւ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Չինաստանի մէջ ունեցած են նախատեսուածէն աւելի երկար հանդիպում մը` քննարկելով Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման հարցը: «Ռոյթըրզ» նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լրագրողներուն յայտնած է, որ երկու նախագահները շուրջ 90 վայրկեան տեւած «շինիչ» հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման, բռնարարքներու նուազեցման...

Թրքական Նոր Ստորաբաժանումներ  Մուտք Կը Գործեն Սուրիա

Թրքական Նոր Ստորաբաժանումներ Մուտք Կը Գործեն Սուրիա

  Երկրորդ օրն ըլլալով Սուրիոյ հիւսիսը սկսած է Թուրքիոյ զինուած ուժերուն կողմէ իրագործուող «Եփրատի վահան» զինուորական գործողութեան երկրորդ փուլը: Անոր ընթացքին թրքական բանակի հրասայլային նոր ստորաբաժանումներ մուտք գործած են Սուրիա: Թրքական ուժերուն աջակցութեամբ Սուրիական ազատ բանակի ստորաբաժանումները յաջողած են վերահսկողութեան տակ առնել Թուրքիոյ սահմանակից Ազեզ քաղաքէն մինչեւ Ժարապլոս` 90 քիլոմեթր տարածքով:

Իրերայաջորդ Ականահարումներ Սուրիոյ  Տարբեր Շրջաններուն Մէջ

Իրերայաջորդ Ականահարումներ Սուրիոյ Տարբեր Շրջաններուն Մէջ

Երէկ առաւօտեան իրերայաջորդ ականահարումներ տեղի ունեցան Հոմսի, Դամասկոսի գիւղական շրջանին, Թարթուսի եւ Հասաքէի մէջ: Արձանագրուեցան 48 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Հոմսի Զահրա թաղամասի Պապ Թըտմոր հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ականուած ինքնաշարժով անձնասպանական գործողութիւն մը: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, յարձակումը թիրախ դարձուց Զահրա թաղամասի մուտքին գտնուող սուրիական բանակի անցարգելը: Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ պայթում մը տեղի ունեցաւ Սապուրա-Պայժահ ճամբուն վրայ: ՍԱՆԱ...

Բրիտանիա 2011-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ  Ըլլալով Իրանի Մէջ Նշանակեց Դեսպան Մը

Բրիտանիա 2011-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Իրանի Մէջ Նշանակեց Դեսպան Մը

Բրիտանիան 2011-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Իրանի մէջ նշանակեց դեսպան մը: Մէկ տարի առաջ վերաբացուած էր Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն ըսաւ, որ «ասիկա Բրիտանիոյ եւ Իրանի յարաբերութեան մէջ կարեւոր պահ է»` աւելցնելով. «Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացումը մեզի առիթ կ՛ընծայէ զարգացնելու մեր քննարկումները շարք մը հարցերու շուրջ, ներառեալ` հիւպատոսական հարցերը, որոնց վերաբերեալ խորապէս մտահոգուած...

Չինաստանի Մէջ.  Մերքել-Էրտողան «Շինիչ Զրոյց»

Չինաստանի Մէջ. Մերքել-Էրտողան «Շինիչ Զրոյց»

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Չինաստանի Հանկզու քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ ունեցան դէմ առ դէմ հանդիպում մը: Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերը յայտնեց. «Զրոյցը շինիչ էր»: Մերքել հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ գերմանացի երեսփոխաններու Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ գերմանացի զինուորներուն այցելութեան վէճին վերաբերեալ դրական լուրի մը յոյսը ունի: «Կը հաւատամ, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն դրական...

Փութին Եւ Մերքել Քննարկած Են  Սուրիոյ Եւ Ուքրանիոյ Կացութիւնները

Փութին Եւ Մերքել Քննարկած Են Սուրիոյ Եւ Ուքրանիոյ Կացութիւնները

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ռուսիոյ նախագահութեան կայքին, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Չինաստանի մէջ հանդիպում ունեցած են Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ: Գերմանական «Հանտեսլպլաթ» հրատարակութեան տեղեկատուութեամբ` կողմերը քննարկած են սուրիական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ կացութիւնը: Երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումը տեւած է շուրջ երկու ժամ: «Լաւ է, որ մենք կարելիութիւն ունինք խօսելու թէ՛ երկկողմանի...

Ռուսիա-Թուրքիա Յարաբերութիւնները  Նախորդէն Աւելի Բարձր Մակարդակ Պիտի Ունենան»  Կ՛ըսէ Թիւֆենքճի

Ռուսիա-Թուրքիա Յարաբերութիւնները Նախորդէն Աւելի Բարձր Մակարդակ Պիտի Ունենան» Կ՛ըսէ Թիւֆենքճի

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մաքսային  եւ առեւտուրի նախարար Պիւլենթ Թիւֆենքճի խօսած է Ռուսիոյ հետ վարձաթռիչքային (չարթըր) թռիչքներ սկսելու մասին` նշելով, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կ՛արագացուին: Թուրք նախարարը անդրադարձած է նաեւ Չինաստանի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին տեղի ունեցած Էրտողան-Փութին հանդիպումին: Ըստ անոր, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ նախագահ Էրտողանի նախաձեռնած քայլերը ակնյայտ են: Նախարարը յոյս յայտնած է, որ...

Թուրքիոյ Մէջ Էրտողանի  Վարկանիշը Բարձրացած Է

Թուրքիոյ Մէջ Էրտողանի Վարկանիշը Բարձրացած Է

Թուրքիոյ մէջ գործող ՄԱՔ խորհրդատուական կեդրոնը հարցախոյզ կատարած է` յստակացնելու համար բնակչութեան դիրքորոշումը ներքաղաքական հոլովոյթներուն վերաբերեալ: Հարցախոյզը կատարուած է Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ, անոր մասնակցած է 2700 քաղաքացի: Թրքական իշխանամէտ «Սապահ» օրաթերթի կայքը` ներկայացնելով հարցախոյզին արդիւնքները, կը յայտնէ, որ հարցախոյզին մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը ըսած է, որ հաւանաբար նախագահական ընտրութիւններուն եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկեն իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան օգտին: Ըստ «Էրմենիհապեր»-ի,...

Page 761 of 882 1 … 760 761 762 … 882

Արխիւներ