
Փենթակոնի բանբեր Փիթըր Քուք յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի բանբեր Ապու Մուհամետ Ատնանին Սուրիոյ մէջ թիրախ դարձուցած օդային հարուածի գնահատումը ընթացքի մէջ է:
Ան յայտնեց, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի օդուժը թիրախ դարձուցած է Ատնանին Հալէպի նահանգի Պապ քաղաքին մօտ:
Ան ըսաւ, որ Ատնանիի վնասազերծումը մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ ՏԱՀԵՇ-ի համար:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի բանբեր Ատնանին սպաննուած է ռուսական օդային հարուածի մը պատճառով:
Փենթակոնէն պաշտօնատար մը Ռուսիոյ կողմէ Ատնանիի սպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելը «կատակ մը» նկատեց: