Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Մէջ Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Մերքելի Կուսակցութիւնը Գրաւած Է Երրորդ Դիրքը

September 6, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Merkel_90516

Գերմանիոյ մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն ընթացքին «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութիւնը յառաջ անցած է Անկելա Մերքելի ղեկավարած կուսակցութենէն:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ արեւելեան Գերմանիոյ Մելքենպուրկ-Արեւմտեան Փոմերանիա դաշնակցային հողին վրայ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընթացքին Գերմանիոյ վարչապետին ղեկավարած Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը գրաւած է երրորդ դիրքը:

Երեք տարի առաջ ստեղծուած «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 21 առ հարիւրը եւ գրաւած երկրորդ դիրքը` կեդրոն ձախ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութենէն ետք, որ ստացած է քուէներուն 30,5 առ հարիւրը: Մերքելի կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 19 առ հարիւրը:

Քուէարկութեան արդիւնքը վարկաբեկիչ էր, որովհետեւ Մերքել երեսփոխան ընտրուած է Մեքլենպուրկ-Արեւմտեան Փոմերանիայէն: Դաշնակցային նահանգը կը նկատուի իր շրջանը: Իշխող Քրիստոնեայ ժողովրդավար կուսակցութենէն քաղաքագէտ մը արդիւնքը նկատեց աղէտալի, իսկ Մերքելի այլ կուսակից մը` Վոլֆկանկ Պոսպախ ըսաւ, որ առանց փաստաթուղթերու եղող հարիւր հազարաւոր գաղթականներու ժամանումը մեծապէս նպաստած է «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութեան յառաջընթացին:

Վերլուծաբանները տեղական օրէնսդիր մարմինի այս ընտրութիւնները կը գնահատեն իբրեւ վճռորոշ քննութիւն` 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումէն առաջ:

«Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութեան տեղական ղեկավար Լայֆ-Էրիք Հոլմ յայտարարեց. «Թերեւս ասիկա Մերքելի վարչապետութեան աւարտին սկիզբն է»:

 

 

Նախորդը

«Մարդու Իրաւունքներու Յարգումը Թուրքիոյ Մէջ Ժողովրդավարութեան Վճռորոշ Քննութիւնն Է» Ըսաւ Եւրոպական Խորհրդարանը

Յաջորդը

Քիմ Չեն Ընի Հրամանով` Երկու Նախարար Մահապատիժի Ենթարկուած Է

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.