«ՌԻԱ Նովոսթի»` մէջբերելով «Կազփրոմ»-ի մամլոյ հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարին հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի կառուցման հարցով արտօնութիւն տալու ընթացակարգը:
«Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է սեղմ ժամկէտներու մէջ աւարտին հասցնելու «Թրքական հոսք» նախագիծի գործադրութեան համար բոլոր անհրաժեշտ արտօնութիւններու տրամադրման ընթացակարգը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Պիտի շարունակուին նաեւ բանակցութիւնները ռուսական կազի` Թուրքիոյ մատակարարման պայմաններուն շուրջ:
Կողմերը այս համաձայնութիւնը գոյացուցած են ընկերութեան ղեկավար Ալեքսէյ Միլլըրի եւ թուրք նախարար Պերաթ Ալպայրաքի հանդիպումէն ետք: