Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Չինաստանի Հանկշու քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ իրենց դռնփակ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին առաւելաբար կեդրոնացան Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսին տեղի ունեցած յեղաշրջումի ձախող փորձին վրայ:
Օպամա իր թուրք պաշտօնակիցին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Անգարայի հետ պիտի աշխատի յեղաշրջումին պատասխանատուները դատական պատասխանատուութեան ենթարկելու գծով օժանդակելու հարցին վրայ:
Էրտողան վերահաստատեց իր երկրին եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ երկար տարիներէ ի վեր «շարունակուող ռազմավարական գործընկերութիւն»-ը` կոչ ուղղելով, որ երկու երկիրները աշխարհի վրայ բոլոր ահաբեկչական գործունէութիւններուն վերաբերեալ միացեալ կեցուածք որդեգրեն:
Խօսելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ ամերիկաբնակ իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը արտայանձնելու մերժումին մասին` Էրտողան ըսաւ. «Յեղաշրջումի փորձէն առաջ ահաբեկչական կազմակերպութեան վերաբերեալ յատուկ թղթածրարներ ուղարկեցինք Միացեալ Նահանգներուն: Հետագային յեղաշրջումի փորձէն ետք եղող փուլին վերաբերեալ այլ թղթածրարներ պիտի յանձնենք ամերիկեան պատուիրակութեան, որ կը շարունակէ Թուրքիոյ մէջ իր աշխատանքները»:
Ան նշեց, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պաքըր Պոզտաղ եւ ներքին գործոց նոր նշանակուած նախարար Սուլէյման Սոյլու յառաջիկային թրքական պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով պիտի այցելեն Միացեալ Նահանգներ` Կիւլենի արտայանձնման թղթածրարը քննարկելու համար:
Էրտողան նաեւ անդրադարձաւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական շարունակուող գործողութիւններուն եւ ըսաւ. «Չենք կրնար ահաբեկչական այդ գործողութիւններուն նկատմամբ լուռ մնալ: Մենք ստիպուած ենք միացեալ կեցուածք որդեգրելու բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, երէկ ակնարկելով Սուրիոյ մէջ քրտական պետութեան մը ստեղծման կարելիութեան, յայտարարեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շինծու պետութեան մը հաստատումը պիտի չարտօնենք»:
Էրտողան – Փութին Հանդիպում
Միւս կողմէ, շաբաթ օր տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը: Անոնք քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամբողջովին վերականգնելու հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Փութինը ըսած է, որ տակաւին շատ բան կայ ընելիք բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը ամբողջովին վերականգնելու համար:
«Մենք կրնանք մեր կողմէ առաջ շարժիլ, անմիջապէս որ Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը ամբողջովին կարգաւորուի», նշած է Փութին: