Պրազիլի ծերակոյտը քուէարկեց Տիլմա Ռուսեֆը նախագահի պաշտօնէն հեռացնելու օգտին: Ռուսեֆ կը մեղադրուի երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող ելեւմտական խնդիրներու ծաւալները թաքցնելու մէջ: Ան թաքցուցած է պիւտճէի բացը` 2014-ին նախագահութեան նոր նստաշրջան ապահովելու համար:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պրազիլ տուն կանչած է իր դեսպանները Վենեզուելայէն, Պոլիվիայէն եւ Էքուատորէն, որովհետեւ այդ երկիրներու իշխանութիւնները քննադատած են Ռուսեֆի պաշտօնազրկման որոշումը:
Որոշումը տուած է Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Ժոզէ Սերրին:
Պոլիվիա եւ Վենեզուելա իրենց կարգին տուն կանչեցին Պրազիլի մէջ իրենց դեսպանները: