Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըռնեսթ. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Բանակցութիւնները»

September 7, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոշ Ըռնեսթ
Ճոշ Ըռնեսթ

Ֆրանսա Պահանջած Է Դադրեցնել Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպական Միութիւն Ազատ Առեւտուրի Բանակցութիւնները

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Գերմանիայէն ետք Ֆրանսան եւս արտայայտուած է Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ազատ առեւտուրի շուրջ բանակցութիւնները դադրեցնելու օգտին:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կից արտաքին առեւտուրի պետական քարտուղար Մաթիաս Ֆեքըլ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Ֆրանսա կը պահանջէ դադրեցնել բանակցութիւնները Ազատ առեւտուրի անդրատլանտեան գօտիի (ԹԱՖԹԱ) եւ Անդրատլանտեան առեւտուրի եւ ներդրումներու գործընկերութեան (ԹԹԻՓ) շուրջ:

Մէկ օր առաջ Գերմանիոյ փոխվարչապետ Զիկմար Կապրիէլ յայտարարած էր Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիին շուրջ ընթացող բանակցութիւններու ձախողութեան մասին:

Առեւտուրի եւ ներդրումներու մարզին մէջ անդրատլանտեան գործընկերութեան շուրջ բանակցութիւնները նպատակաուղղուած են ստեղծելու մարդկութեան պատմութեան մէջ ազատ առեւտուրի մեծագոյն տարածքը, որ պիտի ներառէ աշխարհի երկու մեծագոյն տնտեսական կեդրոնները` Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը:

Բանակցութիւնները դժուար կ՛ընթանան Ամերիկայի եւ Եւրոպայի ընկերային-տնտեսական բնորդներուն եւ գործարար աւանդութիւններուն էական տարբերութեան պատճառով: Եւրոպական Միութեան մէջ անոնց դէմ կ՛արտայայտուին ազդեցիկ խումբեր, որոնց կարծիքով` Անդրատլանտեան առեւտուրի եւ ներդրումներու գործընկերութեան ստեղծումը պիտի քայքայէ զարգացման «եւրոպական ընկերային բնորդը» եւ բացասական ազդեցութիւն ունենայ քաղաքացիներու աշխատանքային իրաւունքներուն վրայ:

Սպիտակ տան բանբեր Ճոշուա Ըռնեսթ իր կարգին յայտնեց, որ «մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած. մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ մինչեւ տարեվերջ հասնելու բանակցութիւններու աւարտին»` աւելցնելով, որ կողմերը տակաւին պէտք է քննարկեն «որոշ երեւոյթներ»:

«Ատոր համար նախագահը (Պարաք Օպամա) Եւրոպա գործուղած է իր առեւտրական հարցերով ներկայացուցիչ Մայքըլ Ֆրոմընը», ընդգծած է ան:

Կը հաղորդուի, որ Ֆրոմըն Եւրոպա պիտի այցելէ սեպտեմբերին:

Նախորդը

Պրազիլեան Արդարադատութիւնը Պրազիլական Ընկերութիւն Մը Կ՛ամբաստանէ Հուսիներուն Զէնք Մատակարարելու Յանցանքով

Յաջորդը

Ըստ Գիտնականներու. Ովկիանոսներու Տաքացումը Կը Սպառնայ Արեւադարձային Հիւանդութիւններ Տարածել

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.