
Թուրքիոյ մէջ գործող ՄԱՔ խորհրդատուական կեդրոնը հարցախոյզ կատարած է` յստակացնելու համար բնակչութեան դիրքորոշումը ներքաղաքական հոլովոյթներուն վերաբերեալ: Հարցախոյզը կատարուած է Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ, անոր մասնակցած է 2700 քաղաքացի:
Թրքական իշխանամէտ «Սապահ» օրաթերթի կայքը` ներկայացնելով հարցախոյզին արդիւնքները, կը յայտնէ, որ հարցախոյզին մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը ըսած է, որ հաւանաբար նախագահական ընտրութիւններուն եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկեն իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան օգտին:
Ըստ «Էրմենիհապեր»-ի, հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց տուած են, որ Էրտողանի 71,15 առ հարիւր կազմող ընտրազանգուածը ձեւաւորուած է ո՛չ միայն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, այլ նաեւ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան, Ազգայնական շարժում եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ընտրողներուն հաշուոյն:
Ըստ հարցախոյզի արդիւնքներուն, Էրտողանի օգտին պատրաստ է քուէարկելու իշխող կուսակցութեան ընտրազանգուածին մեծամասնութիւնը, Ազգային շարժում կուսակցութեան, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրազանգուածներուն համապատասխանաբար 82, 34 եւ 36 առ հարիւրը:
Կը նշուի, որ այս արդիւնքը «կ՛արտացոլէ 15 յուլիսին զինուորական յեղաշրջումի փորձէն ետք յառաջացած ազգային միասնականութեան ոգին»: Խորհրդարանական ընտրութիւններու կատարման պարագային հարցախոյզին մասնակիցներուն 53,55 առ հարիւրը նշած է, որ պիտի քուէարկէ իշխող կուսակցութեան, 22,25 առ հարիւրը` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան, 14,7 առ հարիւրը` Ազգայնական շարժում կուսակցութեան, իսկ 7,5 առ հարիւրը` քրտամէտ կուսակցութեան օգտին, ինչ որ ընտրական շեմէն ցած ցուցանիշ է:


