Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ծնունդ Առաւ Սուրիական Ազգային Դիմադրութիւն` Ընդդէմ Թրքական Բռնագրաւումին

September 8, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

syrian-resistence_90716

Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թել Ռիֆաթ քաղաքը թատերաբեմը դարձած է նոր կացութեան մը, որ թրքական բանակը դրած է մաշեցումի պատերազմի մը դէմ յանդիման: Երեքշաբթի օր Սուրիական ազգային դիմադրութեան ծնունդը յայտարարուած է` մեծ կարգախօսներով, որոնք կը շրջանցեն ներկայ պատերազմի շրջագիծը` հասնելով մինչեւ Ալեքսանտրեթի նահանգ:

Նշեալ դիմադրութեան ստեղծման հռչակագիրը կը յիշեցնէ «շրջանի ժողովուրդներուն կրած տառապանքները թուրք-օսմանեան իշխանութենէն», որ «հաւաքական բնաջնջման ամէնէն ահաւոր ձեւերը օգտագործեց շրջանի պատմական ժողովուրդներուն` արաբներուն, քիւրտերուն, հայերուն, յոյներուն, ասորիներու եւ քաղդէացիներուն դէմ»:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ դիմադրութիւնը կազմուած է սուրիական ազգայնական ուժերէ ու անձնաւորութիւններէ եւ անոր նպատակն է սուրիական ընկերութեան բաղադրիչ մասերուն միջեւ տարակարծութիւնները լուծել եւ անոնց ուժերը միացնել կառուցելու համար միացեալ ու ժողովրդավարական Սուրիա մը, դէմ դնել թրքական բռնագրաւման եւ ձախողեցնել անոր ծրագիրները, անոր ձեռքէն խլել սուրիական բոլոր հողերը` Ժարապլոսէն մինչեւ Ալեքսանտրեթ, ինչպէս նաեւ հետագային աշխատիլ բոլոր ազգայնական ուժերուն հետ` ազատագրելու համար Սուրիոյ հողերուն իւրաքանչիւր թիզը:

Ըստ «Ախպար»-ի, տուեալները մտածել կու տան, որ քիւրտերը հիմնական դերակատարութիւն ունին նոր խմբակի կազմաւորման մէջ` հակառակ անոր որ այս քայլը կը հակասէ ծրագիրին Միացեալ Նահանգներուն, որուն հետ առնչուած են քիւրտերը` վերջին երկու տարիներուն ընթացքին:

Սուրիական ազգային դիմադրութեան քաղաքական գրասենեակի նախագահ ընտրուած է Զայտան Հըտտոն:

 

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Քննադատած Է Հոլանտայի Վարչապետը Թրքական Համայնքին Ուղղուած Խօսքերուն Համար

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Ռուսիան Թշնամի Չի Նկատեր» Կ՛ըսէ Քարթըր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.