«Սահմանդ Գիտցի՛ր. Իրաքի Մէջ Քու Գոռալդ Մեզի Համար Կարեւոր Չէ» Էրտողան Կ՛ըսէ Ապատիի
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բուռն կերպով քննադատեց Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատին` թրքական ուժերուն իրաքեան հողերուն վրայ գտնուելուն դէմ վերջինիս յայտարարութիւններուն համար: Պոլսոյ մէջ Եւրասիոյ իսլամական խորհուրդի վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան ըսաւ. «Ոմանք մեզի կ՛ըսեն. «Մեր մակարդակին չէք», իսկ ես Իրաքի վարչապետին կ՛ըսեմ. «Սահմանդ գիտցի՛ր»: Թրքական բանակը իր արժէքը չկորսնցուց, որպէսզի իր ցուցմունքը ստանայ Իրաքի կառավարութեան...




















