«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական բանբեր, ծովուժի քափիթեն Ճեֆրի Տէյվիս յայտնած է, որ ամերիկեան ծովուժի «Եու.Էս.Էս. Մէյսըն» ականակիրը հրթիռակոծումի ենթարկուած է Եմէնի ափերուն մօտ գտնուող միջազգային ջուրերուն մէջ:
Ամերիկեան մարտանաւը չէ վնասուած:
«Միացեալ Նահանգներու «Մէյսըն» նաւը, գտնուելով Կարմիր ծովուն մէջ` Եմէնի ափերուն մօտ, 60 երկվայրկեանուան ժամանակահատուածին մէջ արձանագրած է մօտեցող երկու հրթիռ», ըսած է ան:
Տէյվիս ճշդած է, որ ականակիրը ոչ մէկ վնաս կրած է եւ անձնակազմի անդամներու շարքին վիրաւորներ չկան: Զինուորականներու կարծիքով` հրթիռները արձակուած են հուսիներու կողմէ վերահսկուող տարածքէն:
«Եու.Էս.Էս. Մէյսըն» ականակիրը ամերիկեան ծովուժին միացած է 2001-ին: Ան մասնաւորաբար զինուած է «Իճիս» մարտական պաշտպանական համակարգով, կրնայ կրել մինչեւ 74 հրթիռներ, ներառեալ թեւաւոր: