Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եմէնի Մէջ Սուգի Թափօրի Մը Դէմ Սէուտական Օդային Հարուածին Պատճառով Բազմաթիւ Զոհեր

October 10, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

yemen_10916

Շաբաթ, 8 հոկտեմբերին, Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տեղի ունեցած են սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքին կողմէ շարք մը օդային հարուածներ: ՄԱԿ-ի տուեալներով,  ռմբակոծուած է մայրաքաղաքին կեդրոնը գտնուող շինութիւն մը, որուն մէջ տեղի կ՛ունենար սուգի թափօր մը: Ռմբակոծման պատճառով արձանագրուած է աւելի քան 140 զոհ եւ 520 վիրաւոր:

Լրատուամիջոցներուն հաղորդած թիւերը աւելի ապշեցուցիչ են: «Սի.Էն.Էն.»` յղում կատարելով Եմէնի առողջապահութեան նախարարութեան մէջ իր ունեցած աղբիւրին, կը նշէ, որ օդային հարուածին պատճառով զոհուած է 155 մարդ եւ վիրաւորուած են` 520 ուրիշներ: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, զոհերուն թիւը 82 է, իսկ վիրաւորներունը` 534: Եմէնի առողջապահութեան նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութեամբ` զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւը հասած է 450-ի:

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ գործուած ջարդէն ետք, Միացեալ Նահանգներ վերատեսութեան պիտի ենթարկեն սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքին իրենց զօրակցութիւնը:

Փրայս յայտնեց, որ Ուաշինկթըն շատ նեղացած է Եմէնի մէջ սուգի թափօրին դէմ կատարուած յարձակումին պատճառով` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ապահովական գործակցութիւնը բաց չեք մը չէ:

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերը Եմէնի մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` հրապարակաւ յանձնառու դառնալու թշնամական գործողութիւններու անմիջական դադրեցման:

Միւս կողմէ, երէկ Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տեղի ունեցաւ բազմամարդ բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակիցները բարձրացուցին Եմէնի դրօշը եւ բացագանչեցին Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր տեղական դաշնակիցներուն դէմ կարգախօսներ, ինչպէս նաեւ` «Մա՛հ Ամերիկային եւ Իսրայէլին» կարգախօսը:

Ցուցարարները նաեւ բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուած էին եմէնցի ժողովուրդին դէմ գործուած «ոճիրներուն» վրէժը լուծելու սպառնալիքներ:

Նախորդը

«Ռուսիան Սուրիոյ Մէջ Իր Գոյութիւնը Պաշտպանելու Միջոցներ Ունի» Ըսաւ Լաւրով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.