Տիգրանակերտ նահանգին մէջ սպաննուած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Տիճլէ շրջանի ղեկավար Տերիան Աքթերթը:
Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ի, Աքթերթ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներու կողմէ սպաննուած է իրեն պատկանող պենզինի կայարանին մէջ:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, Աքթերթի վրայ յարձակած են ՔԱԿ-ի 8 զինեալներ, որոնք զինք սպաննելէ ետք փախուստ տուած են:
Յիշեցնենք, որ 9 հոկտեմբերին նոյն խմբաւորման զինեալները յարձակած էին նաեւ Վանի Էօզալփ շրջանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շրջանային փոխնախագահ Այտըն Մուշթունի վրայ:
Ան սպաննուած էր իր տան առջեւ: