Միջազգային

Ռուսիա 20 Հոկտեմբերին Հալէպի Մէջ  Մարդասիրական Զինադադար Պիտի Հաստատէ

Ռուսիա 20 Հոկտեմբերին Հալէպի Մէջ Մարդասիրական Զինադադար Պիտի Հաստատէ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00, Հալէպի մէջ մարդասիրական զինադադար եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու քաղաքէն դուրս գալու երկու միջանցքներու բացում յայտարարեց` նշելով, որ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ օդուժները այդ ընթացքին պիտի դադրեցնեն օդային հարուածները: Նախարարութիւնը սուրիական զինեալ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` ականազերծելու մարդասիրական միջանցքները, որպէսզի քաղաքայինները կարենան հեռանալ արեւելեան Հալէպէն: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ...

Մուսուլի Ազատագրման Գործողութիւնը  Շղթայազերծուեցաւ.  Էրտողան. «Ուզեն Կամ Չուզեն, Մեր  Ուժերը Պիտի Մասնակցին  Մուսուլի Ճակատամարտին»

Մուսուլի Ազատագրման Գործողութիւնը Շղթայազերծուեցաւ. Էրտողան. «Ուզեն Կամ Չուզեն, Մեր Ուժերը Պիտի Մասնակցին Մուսուլի Ճակատամարտին»

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութիւնը սկսած է: Ան աւելցուց, որ քաղաք մուտք պիտի գործեն միայն իրաքեան բանակն ու ոստիկանութիւնը: «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով` գործողութեան մասնակցող ցամաքային ուժերուն թիւը կը գերազանցէ 60 հազարը: Անոնց աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքը, իրաքեան օդուժն ու հրետանին: Կառավարական ուժերուն կազմին մէջ են Իրաքի բանակի զինուորները,...

Միացեալ Նահանգներ Եւ Բրիտանիա Չեն  Բացառեր Նոր Պատժամիջոցներու Որդեգրումը  Ասատի Եւ Անոր Դաշնակիցներուն Դէմ

Միացեալ Նահանգներ Եւ Բրիտանիա Չեն Բացառեր Նոր Պատժամիջոցներու Որդեգրումը Ասատի Եւ Անոր Դաշնակիցներուն Դէմ

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա դիմած են Ռուսիոյ իշխանութիւններուն` յորդորելով օգնել վերջ դնելու Սուրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմին, եւ չեն բացառած նոր պատժամիջոցներու որդեգրումը Սուրիոյ ղեկավար Պաշշար Ասատի եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն յայտնած է. «Շատ կարեւոր է ճնշում գործադրել շարունակելը: Կան ամբողջ շարք մը միջոցներ, զորս...

Վանի Մէջ Քաղաքապետական Խորհուրդի  Նոր Նշանակուած Անդամ Մը Սպաննուած Է

Վանի Մէջ Քաղաքապետական Խորհուրդի Նոր Նշանակուած Անդամ Մը Սպաննուած Է

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Վան նահանգի Արճէշ շրջանի թաղապետ մը, որ վերջերս նաեւ նշանակուած է Արճէշի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, 16 հոկտեմբերին իր տան առջեւ սպաննուած է դիմակաւոր զինեալներու կողմէ: Արճէշի Լաթիֆիյէ թաղամասի թաղապետ Մեհմեթ Շերիֆ Տողու տեղւոյն վրայ մահացած է: Ան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ վերջերս որդեգրուած հրամանագիրով մը նշանակուած էր Արճէշի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ: Թրքական ոստիկանութիւնը...

Աբխազիոյ Պատկերասփիւռի Կայանի Շէնքի  Տարածքին Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն

Աբխազիոյ Պատկերասփիւռի Կայանի Շէնքի Տարածքին Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն

«Սփութնիք-աբխազիա.ռու» կայքը` յղում կատարելով Աբխազիոյ ներքին գործոց նախարարին, կը հաղորդէ, որ երկրին պետական պատկերասփիւռի կայանի շէնքի տարածքին մէջ մարդ մը ինքզինք պայթեցուցած է: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ անյայտ անձը կանուխ առաւօտուն պայթեցուցած է ականը: Աբխազիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն յայտնած են, որ նշեալ տարածքին մէջ յայտնաբերուած է «մօրուքաւոր տղամարդու դիակ»: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ ներքին գործոց նախարար Ասլան...

Թուրքիոյ Աջակցութիւնը  Վայելող Զինեալները  Գրաւած Են Սուրիոյ Տապեք Գիւղը

Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Վայելող Զինեալները Գրաւած Են Սուրիոյ Տապեք Գիւղը

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ թրքամէտ զինեալներ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ բախումներէ ետք գրաւած են սուրիական Տապեք գիւղը: Նախապէս «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող զինեալները, թրքական հրետանիին եւ օդուժին օժանդակութեամբ գրաւած են հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Արշաֆ, Ազիզիյէ, Ղայլանիյէ, Մազարեհ Քուէյթի գիւղերը եւ կը մօտենան Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Տապեք գիւղին: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր...

Լոզանի Մէջ Սուրիոյ Հարցով  Համաձայնութիւն Չգոյացաւ.  Այսօր Ապագայ Քայլերու Քննարկման Համար  Հաղորդակցութիւններ` Լոզանի Բանակցութիւններուն Մասնակիցներուն Միջեւ

Լոզանի Մէջ Սուրիոյ Հարցով Համաձայնութիւն Չգոյացաւ. Այսօր Ապագայ Քայլերու Քննարկման Համար Հաղորդակցութիւններ` Լոզանի Բանակցութիւններուն Մասնակիցներուն Միջեւ

Շաբաթ օր Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ տեղի ունեցան Սուրիոյ հարցով «սեղմ ձեւաչափով» բանակցութիւններ` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի, Եգիպտոսի, Իրաքի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յանձնակատար Սթեֆան տը Միսթուրայի մասնակցութեամբ: Դիւանագիտական աղբիւր մը «Մայատին արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ չորսուկէս ժամ տեւած արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով գումարուած ժողովին աւարտին Սուրիոյ շուրջ բանակցութեան նոր թուականի...

«Թրքական Ուժերուն Պիտի Չարտօնեմ  Մասնակցիլ Մուսուլի Ճակատամարտին»  Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

«Թրքական Ուժերուն Պիտի Չարտօնեմ Մասնակցիլ Մուսուլի Ճակատամարտին» Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ թրքական ուժերուն պիտի չարտօնէ մասնակցիլ Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութիւններուն: Ան թրքական կողմին ասպարէզ կարդաց ներկայացնելու որեւէ փաստաթուղթ, որ ցոյց կու տայ, թէ Իրաք Թուրքիայէն պահանջած է իրաքեան հողամասեր ուժեր ուղարկել: Ապատի ըսաւ, որ ոչ ոք կրնայ իր կամքը պարտադրել իրաքցիներուն` շեշտելով, որ ներկայ փուլը «իրաքեան բոլոր ուժերը միաւորելու» փուլն է, «եւ հողը ազատագրելու ազգային...

Մալտիվեան Կղզիները Հեռացան Բրիտանական  Հասարակապետութենէն` «Անարդար  Եւ Ոչ Պարկեշտ Վերաբերմունք»-ին Պատճառով

Մալտիվեան Կղզիները Հեռացան Բրիտանական Հասարակապետութենէն` «Անարդար Եւ Ոչ Պարկեշտ Վերաբերմունք»-ին Պատճառով

Մալտիվեան կղզիներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իրենց երկիրը որոշած է դուրս գալ Բրիտանական հասարակապետութենէն, որովհետեւ կ՛արժանանայ «անարդար եւ ոչ պարկեշտ վերաբերմունք»-ի: Նախարարութիւնը կը նշէ, որ Բրիտանական հասարակապետութիւնը կ՛ուզէ Մալտիվեան կղզիներու ներքին քաղաքականութեան աշխուժ մասնակից դառնալ, ինչ որ կը հակասէ ՄԱԿ-ի եւ Բրիտանական հասարակապետութեան սկզբունքներուն: Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ գրուած է. «Բրիտանական հասարակապետութիւնը երկիրը կ՛օգտագործէ` միջազգային քաղաքականութեան մէջ կազմակերպութեան (հասարակապետութեան`...

«Եւրոպական Միութիւնը Ծունկի  Պիտի Չգայ Միացեալ Նահանգներուն Առջեւ»  Կ՛ըսէ Եունքեր

«Եւրոպական Միութիւնը Ծունկի Պիտի Չգայ Միացեալ Նահանգներուն Առջեւ» Կ՛ըսէ Եունքեր

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը մտադիր չէ ծունկի գալ Միացեալ Նահանգներու առջեւ` յանուն Առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտին մէջ անդրատլանտեան գործընկերութեան համաձայնագիրի (ԱՆԱԳ) կնքման: «Եւրոպան բանակցութիւններ կը վարէ, սակայն չի միտիր ծունկի գալ Միացեալ Նահանգներու առջեւ: Մենք չենք պատրաստուիր հրաժարելու բոլոր այն սկզբունքներէն, որոնք Եւրոպային յաջողութիւն բերած են», ըսած է ան:...

«Փութին Եւ Ռուհանի Պաքուի Մէջ  Պիտի Քննարկեն Սպառազինութեան Մարզին Մէջ  Համագործակցութեան Հարցը»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Ռուսիա Թուրքիոյ Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգեր Պիտի Մատակարարէ» Կ՛ըսէ Փեսքով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիան հաւանաբար սերտէ Թուրքիոյ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր մատակարարելու կարելիութիւնը: Ան նշած է, որ սպառազինական համագործակցութիւնը քննարկուած է նախագահներու` 10 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Թոնըր. «Որեւէ Քայլ Պէտք Է Կատարուի Յարգելով  Իրաքի Գերիշխանութիւնը  Եւ Անոր Կառավարութեան Հաւանութեամբ»

Թոնըր. «Որեւէ Քայլ Պէտք Է Կատարուի Յարգելով Իրաքի Գերիշխանութիւնը Եւ Անոր Կառավարութեան Հաւանութեամբ»

Ուաշինկթըն Անգարային Եւ Պաղտատին Կոչ Կ՛ուղղէ Մեղմացնելու Իրենց Միջեւ Լարուածութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր Անգարային եւ Պաղտատին կոչ ուղղեց` «մեղմացնելու իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը, մասնաւորաբար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի միջեւ տեղի ունեցած բուռն բանավէճէն ետք, մինչ պատրաստութիւնները կը շարունակուին Մուսուլը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումէն ազատագրելու»: «Իրաք գտնուող բոլոր միջազգային ուժերը պէտք է...

Փութին Ստորագրած Է Սուրիոյ Մէջ Ռուսական  Պատերազմական Օդանաւերու  Անժամկէտ Տեղակայման Համաձայնագիրը

Փութին Ստորագրած Է Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Պատերազմական Օդանաւերու Անժամկէտ Տեղակայման Համաձայնագիրը

«ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ օդուժի խումբ մը օդանաւերու տեղակայման մասին Մոսկուայի եւ Դամասկոսի միջեւ համաձայնագիրի վաւերացման մասին օրէնքը: «Դաշնակցային օրէնքով կը վաւերացուի Ռուսիոյ զինեալ ուժերու օդանաւերու խումբի տեղակայման մասին Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան միջեւ 26 օգոստոս 2015-ին Դամասկոսի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը», նշուած է Քրեմլինի հրապարակած...

Դամասկոսի Մէջ Թուրք-Սուրիական  Հանդիպումի Մը Կարելիութի՞ւն

Դամասկոսի Մէջ Թուրք-Սուրիական Հանդիպումի Մը Կարելիութի՞ւն

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ տեղի կ՛ունենան հաղորդակցութիւններ, եւ առկայ է Դամասկոսի մէջ թրքական արտաքին գործոց նախարարութենէն պատուիրակութեան մը եւ սուրիացի պաշտօնատարներու միջեւ հանդիպումի մը կարելիութիւնը: Աղբիւրները նշած են, որ այդ ուղղութեամբ տեղի կ՛ունենան հաղորդակցութիւններ, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունի սուրիական թղթածրարին նկատմամբ նոր մօտեցումի թրքական նոր ռազմավարութիւն մը, զոր Անգարա ձեւաւորած է Մոսկուայի...

Իրաք Թուրքիոյ Յղած Է  «Խիստ Ոճի» Բողոքագիր Մը

Իրաք Թուրքիոյ Յղած Է «Խիստ Ոճի» Բողոքագիր Մը

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին յանձնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Իրաքի վարչապետին հասցէին կատարած յայտարարութիւններուն դէմ բողոքագիր մը: Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, բողոքագիրը «խիստ ոճով գրուած է»: Էրտողան Պոլսոյ մէջ Եւրասիոյ իսլամական խորհուրդի վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ խօսքը Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիին ուղղելով ըսած էր. «Սահմանդ գիտցի՛ր»` աւելցնելով. «Քեզի...

«Դամասկոս Յոյսով Է, Որ Մոսկուան Ազդեցութիւն  Կ՛ունենայ Սուրիոյ Նկատմամբ Թուրքիոյ  Քաղաքականութեան Փոփոխութեան Վրայ»  Կ՛ըսէ Նախագահ Ասատ

«Դամասկոս Յոյսով Է, Որ Մոսկուան Ազդեցութիւն Կ՛ունենայ Սուրիոյ Նկատմամբ Թուրքիոյ Քաղաքականութեան Փոփոխութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Նախագահ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ռուսական «Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութեան փոփոխութեան վրայ Ռուսիա իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ: 13 հոկտեմբերին ռուսական թերթին կատարած հարցազրոյցէն քաղուածքներ հրապարակուած են նախագահական կայքին վրայ: «Մեր միակ յոյսը կապուած է Ռուսիոյ, այն առումով, որ ան կրնայ ազդել Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ փոփոխութեան արձանագրութեան վրայ», ըսաւ Սուրիոյ նախագահը: Այդ պարունակին...

Ճոն Քերրի Պիտի Մասնակցի Սուրիոյ  Վերաբերեալ Լոզանի Հանդիպումին

Ճոն Քերրի Պիտի Մասնակցի Սուրիոյ Վերաբերեալ Լոզանի Հանդիպումին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ միջազգային հանդիպումին: Լուրը կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Աւելի կանուխ «Սի. Էն. Էն.»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով տեղեկացուցած էր, որ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ այլ շրջանային պետութիւններու մասնակցութեամբ Լոզանի մէջ 15 հոկտեմբերին տեղի...

Անթոնիօ Կութիերես`  ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար

Անթոնիօ Կութիերես` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը երէկ վաւերացուց Փորթուգալի նախկին վարչապետ Անթոնիօ Կութիերեսի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին նշանակումը: Ան իր պաշտօնը կը ստանձնէ դեկտեմբերին: ՄԱԿ-ի ներկայ ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մեկնաբանելով քուէարկութեան արդիւնքը յայտնեց. «Կութիերես միջազգային կազմակերպութեան աշխատանքին մէջ բաւարար փորձառութիւն ունի»: Ան նախապէս ողջունած էր Կութիերեսի թեկնածութեան որդեգրումը` նշելով. «Իբրեւ Փորթուգալի վարչապետ անոր փորձառութիւնը, միջազգային հարցերու լայն ծանօթութիւնը եւ մեծ հեռատեսութիւնը...

Գրականութեան Նոպելեան  Մրցանակը Շնորհուեցաւ Պապ Տիլընի

Գրականութեան Նոպելեան Մրցանակը Շնորհուեցաւ Պապ Տիլընի

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Շուէտի ակադեմիայի մնայուն քարտուղար Սարա Տանիուս յայտարարած է, որ գրականութեան 2016-ի Նոպելեան մրցանակը շնորհուած է 75 տարեկան ամերիկացի երաժիշտ, յօրինող եւ կատարող Պապ Տիլընի: Ըստ անոր, Տիլըն պարգեւին արժանացած է «ամերիկեան երգի մեծ աւանդութեան մէջ բանաստեղծական կերպարներու ստեղծման» համար: Տիլըն ծնած է 24 մայիս 1941-ին, Միացեալ Նահանգներու Մինըսոթա նահանգի Տուլութ քաղաքին մէջ: Երաժշտական գործունէութենէն բացի, ան...

Ըստ «Ուիքիլիքս»-Ի.  Քլինթըն 2014-ին Սէուտական Արաբիան  Ու Քաթարը Ամբաստանած Է ՏԱՀԵՇ-ին  Նիւթական Եւ Գումակային Աջակցութիւն  Ցուցաբերելու Յանցանքով

Ըստ «Ուիքիլիքս»-Ի. Քլինթըն 2014-ին Սէուտական Արաբիան Ու Քաթարը Ամբաստանած Է ՏԱՀԵՇ-ին Նիւթական Եւ Գումակային Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Յանցանքով

«Ուիքիլիքս» բացայայտեց նամակ մը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն 2014-ին յղած է իր արշաւի ղեկավար Ճոն Փոտեսթային, որ օրին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի խորհրդականն էր: Քլինթըն իր նամակին մէջ նշած է. «Սէուտական Արաբիան ու Քաթարը ՏԱՀԵՇ-ի եւ այլ ծայրայեղական խմբաւորումներուն կը տրամադրեն նիւթական եւ գումակային աջակցութիւն»: «Միացեալ Նահանգներ պէտք է Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ քրտական ուժերուն...

Page 750 of 882 1 … 749 750 751 … 882

Արխիւներ