
«Թերթ.ամ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարած է, որ Եւրոպան զուր ջանքեր կը թափէ Միջին Արեւելքէն եկած գաղթականներու դէպի Եւրոպա հոսքը վերահսկելու համար:
«Անոնք զուր ջանքեր են: Որքա՛ն կ՛ուզէք փակեցէք ձեր սահմանները: Այնքան ատեն, որ աշխարհի վրայ կան այս բախումները, այս պատերազմները, եւ քանի դեռ այսքան մարդ կը մնայ կէս բաժակ ջուրի կարօտ, գաղթականներու հոսքը պիտի չնուազի: Եւրոպան եւ միւս երկիրները պիտի չփրկուին գաղթականներու հոսքէն», ըսած է Քուրթուլմուշ:
Ան նաեւ Արեւմուտքը մեղադրած է Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի մէջ «տապալուած ժողովրդավարութեան» եւ շրջանը «կոտորածներու շրջան»-ի վերածելու յանցանքով:
«Թուրքիան պիտի լուծէ այս շրջանի խաղաղութեան հարցը: 15 յուլիսին մենք տեսանք, թէ որոնք կը վախնան ուժեղ Թուրքիայէն: Եթէ 14 յուլիսին մենք կրնայինք աշխարհի որեւէ կողմ երթալ, ապա 15 յուլիսէն ետք մենք աշխարհի որեւէ կողմ պիտի երթանք», յայտարարած է Թուրքիոյ փոխվարչապետը:


