
Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ նշեց. «Ամերիկեան վարչակազմին կարծիքով` Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ վարմունքը կը բարդացնէ այդտեղ ընթացող տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ձգտող ամերիկեան ջանքերը»:
«Ռուսիա Սուրիոյ մէջ իր նպատակները իրականացնելու համար քաղաքայիններուն դէմ օդային հարուածներ կը կատարէ», նշեց Ըռնեսթ` աւելցնելով. «Մենք նաեւ գիտենք, որ Ռուսիա կ՛աջակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին, ինչ որ կը դժուարացնէ քաղաքական լուծում գտնելու ձգտող մեր ջանքերը»:


