Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օպամա – Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Հոկտեմբեր 28, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

erdogan-obama_102716

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արշաւին յառաջիկայ քայլերը:

Օպամա Թուրքիոյ կոչ ուղղած է ճնշում բանեցնելու ՏԱՀԵՇ-ի վրայ, որպէսզի վերջ տրուի Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու դէմ սպառնալիքներուն:

Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Օպամա ողջունած է Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միջազգային դաշինքին մէջ Անգարայի մասնակցութեան մակարդակին եւ պատշաճ ձեւի ճշդման համար Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ երկխօսութիւնը: Երկու ղեկավարները ուժեղ կերպով զօրակցած են Իրաքի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան:

Օպամա նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է «ՕԹԱՆ-ի մէջ մեր դաշնակից Թուրքիոյ (ՏԱՀԵՇ-ի դէմ) արշաւին մասնակցութեան համար, մասնաւորաբար Թուրքիոյ` սուրիական տեղական ուժերուն աջակցութիւնը առիթ ընծայեց ձերբազատելու Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ թրքական սահմաններուն մօտ խմբաւորումի ներկայութենէն»:

Նշենք, որ Էրտողան երէկ արտասանուած ճառի մը մէջ իր խօսքը Օպամային ուղղելով յայտնեց. «Պէտք չէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ խտրութիւն դնել. անոնք բոլորն ալ ահաբեկիչներ են»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամերիկեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` քիւրտ զինեալներուն Սուրիոյ Ռաքքա քաղաք մուտքը չարտօնելու:

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Վարմունքը Կը Խանգարէ Մեր Ջանքերը» Կ՛ըսէ Ըռնեսթ

Յաջորդը

«Միջազգային Դաշինքը Քանի Մը Շաբաթէն Պիտի Սկսի Ռաքքայի Ազատագրման Գործողութեան» Յայտարարեց Ուաշինկթըն

RelatedPosts

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?