Քաթալոնիոյ Ղեկավարը Պատրաստ Է Բանտարկուելու` Յանուն Անկախութեան Հանրաքուէին
Սպանիոյ Քաթալոնիա ինքնավար մարզի կառավարութեան ղեկավար Քարլոս Փուչտեմոն «Վանիթի Ֆեր» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ պատրաստ է բանտարկուելու` յանուն Սպանիոյ կազմէն մարզին դուրս գալուն շուրջ հանրաքուէի կայացման: Քաթալոնիոյ նախագահին պնդումով` «Մարդիկ անկախութիւն կը ցանկան, Սպանիայէն անջատուելու կողմնակիցները աւելի շատ են, քան հակառակորդները»: Փուչտեմոն նշած է, որ Սպանիոյ կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք ինք հանդիպում պիտի խնդրէ վարչապետին հետ եւ...




















