Մոնթենեկրոյի վարչապետ, իշխող Ընկերվարներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Միլօ Ճուքանովիչ յայտարարած է 16 հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ իր արձանագրած յաղթանակին մասին` աւելցնելով, որ երկիրը յառաջիկայ քանի մը ամսուան ընթացքին պիտի դառնայ ՕԹԱՆ-ի անդամ:
«Լենթա.ռու» կը հաղորդէ, որ բացի ատկէ, վարչապետը խոստացած է աւարտել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով բանակցային հոլովոյթը:
«Ընդամէնը քանի մը ամիսէն մենք պիտի վաւերացնենք Մոնթենեկրոյի` ՕԹԱՆ-ի անդամ դառնալու վերաբերեալ համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ որոշում պիտի տանք Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով», ըսած է Ճուքանովիչ: